Վրաստան Կը Խոստանայ Վերականգնել Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին

By Asbarez | Sunday, 29 November 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>>.- Կազմակերպութեամբ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին, հայաստանեան շարք մը համալսարաններու եւ Ժողովրդական կուսակցութեան՝ <<Միթէ՞ դուք քրիստոնեայ չէք>>, <<Դադարեցրէք մշակութային ցեղասպանութիւնը>> գրութեամբ պաստառներով Նոյեմբեր 24ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է բողոքի ցոյց մը, որ աւարտած է Հայաստանի մէջ գործող Վրաստանի դեսպանատան մօտ։ Ցոյցին առիթ հանդիսացած էր Նոյեմբեր 19ին Թիֆլիսի մէջ հայկական Մուղնիի Սուրբ Գէւորգ եկեղեցիին փլուզումը։

Ցոյցի մասնակիցները բարձրախօսով պահանջած են դադրեցնել սպիտակ եղեռնը, իրաւաբանական կարգավիճակ տրամադրել Վիրահայոց թեմին եւ վերադարձնել հայկական 6 եկեղեցիները:

<<Յուսով ենք, որ վրաց պետութիւնը պիտի անդրադառնայ այս խնդրին եւ աւելի ճիշդ որոշում կայացնի>>, ըսած է բողոքին մասնակից՝ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ քահանայ Տէր Եսային:

Վրաստանի դեսպանը ընդունած է ցուցարարներու ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները եւ խոստացած՝ անոնց մտահոգութիւններն ու պահանջները փոխանցել Թիֆլիս:

<<Դեսպանը նշեց, որ իրենք ունեն պայմանաւորուածութիւն Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ եւ յաջորդ տարի համատեղ ուժերով վերականգնելու են հայկական եկեղեցին>>, յայտնած են երիտասարդները եւ վստահեցուցած, որ իրենց բողոքը պիտի շարունակուի, մինչեւ իրենց բարձրացուցած խնդիրները լուծուին։

Ըստ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան՝ ի պատասխան նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին դիմումին, Վրաստանի մշակոյթի, յուշարձաններու պահպանութեան եւ մարմնամարզի նախարար Նիկոլոզ Ռուռուային պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու եկեղեցւոյ վերականգնման հարցի լուծման:

Ան հաւաստիացուցած է, որ եկեղեցին իսկապէս անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուէր, եւ նախարարութիւնը արդէն քայլեր կը ձեռնարկէ վերականգնման աշխատանքներու ուղղութեամբ՝ նաեւ Վրաստան հրաւիրելով հայ վերականգնող ճարտարապետներ՝ աշխատանքներու բոլոր փուլերուն մասնակցելու համար:

Մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տուած տեղեկութիւններով՝ Նոյեմբեր 25ին նախարարութեան վերականգնող ճարտարագէտը պիտի մեկնի Վրաստան՝ նախագծային աշխատանքներուն մասնակցելու:

comments