Նուազագոյն Աշխատավարձը 55 Հազարէն 68 Հազար Դրամի Բարձրացնելու Նախագիծը Ընդունուեցաւ

By Asbarez | Wednesday, 20 November 2019

1120joghov

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ ներկայացուած օրէնքին նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի ամսական նուազագոյն աշխատավարձը 55 հազար դրամէն վերածել 68 հազար դրամի:

Խորհրդարանի 19 Նոյեմբերի նիստին պատգամաւորներ Վարազդատ Կարապետեանի, Բաբկեն Թունեանի եւ Նարեկ Զէյնալեանի առաջարկած «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» եւ «Պետական պաշտօններ եւ պետական ծառայութեան պաշտօններ զբաղեցնող անձանց վարձատրութեան մասին» Հայաստանի օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը երկրորդ ընթերցմամբ ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ՝ 100 թեր քուէներով:

Պատգամաւորները սկիզբը առաջարկած էին ամսական նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնել մինչեւ 63,000 դրամի: Սակայն հարցը կառավարութեան մէջ քննարկելէ ետք գործադիրը առաջարկած էր նուազագոյն աշխատավարձը դարձնել 68,000 դրամ: Իբրեւ արդիւնք Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու յանձնաժողովը առաջարկը քննարկելէ ետք թեր քուէարկեց նուազագոյն աշխատավարձը 68,000 դարձնելու տարբերակին:

Ամսական նուազագոյն աշխատավարձը 68,000 դրամ դարձնելու պարագային պիտի բարձրանան մօտ 57,000 պետական ծառայողներու եւ մասնաւոր հատուածի մօտ 130 հազար աշխատողներու աշխատավարձերը: Կարապետեան վստահեցուց՝ ծախսերու ու հարկերու ազդեցութեան հանրագումարին իբրեւ արդիւնք պետական պիւտճէին վրայ մաքուր ազդեցութիւնը 2 միլիառ դրամէն աւելի չէ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement