Մեզ Համար Կարեւորը Պետութեան Կայունութիւնն Է. Վահրամ Բալայեան

By Asbarez | Saturday, 23 November 2019

1123Vahram

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանն ու ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան նախորդ օրերուն հանդիպումներ ունեցան Արցախի մէջ 2020ին կայանալիք ընտրութիւններու նախագահական թեկնածուներուն հետ։ Ասիկա երկրորդ փուլն է ՀՅԴի նախաձեռնութեան, որուն առաջին փուլին Արցախի մէջ արձանագրուած 20է աւելի կուսակցութիւններէն 15ին հետ արդէն Արցախի ԿԿը ունեցած էր հանդիպումներ՝ միասնական օրակարգի եւ համաձայնեցուած թեկնածուի շուրջ հանդիպումներու նպատակով։

«Առաջին լրատուական»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վահրամ Բալայեան նշեց. «Մենք դեռ Օգոստոսին ենք նախանշել այս ծրագիրը։ Առաջին փուլում հիմնական սկզբունքների շուրջ ենք քննարկումներ արել, իսկ հիմա արդեն խոսում եւ համաձայնեցնում ենք ընդհանուր թեկնածու ունենալու գաղափարը։ Մենք այս ճանապարհով ենք գնում, իրենց պատկերացումներն ենք ուզում լսել, մեր մօտեցումները ներկայացնել եւ եղած քաղաքական ուժերի համատեղում անել ու հասարակութեանը միաւորել ակտուալ (հրատապ-Խմբ.) գաղափարների շուրջ, որպէսզի 2020-2025 թուականների ժամանակահատուածի համար պետականաշինութեան հարցում հարթ լուծումներ լինեն»։

Բալայեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը յայտարարած էր, թէ միասնական թեկնածուն կրնայ ըլլալ անկուսակցական կամ նաեւ՝ Դաշնակցութենէն։ «Մենք ասել ենք, որ մեր շարքերում եղած թեկնածուները մի տեղ աւելի լաւ կ՛աշխատեն, քան շատ մարդիկ, որոնց անունները հոլովում են, բայց այժմ համազգային նշանակութեան հարցերն են շատ կարեւոր, միասնականութեան հարցն է մեր այս նախաձեռնութեան առանցքը»։

Միեւնոյն ժամանակ Ազգային ժողովի փոխխօսնակը ընդգծեց. «Մենք այս պետութեան ստեղծման հիմքում ենք եղել, մեր երկրի առաջին ղեկավարը մեր դաշնակցական ընկերն է եղել, բայց մենք առանձին հաւակնութիւններ չունենք։ Ի հարկէ, պէտք է իշխանութիւն ունենաս, որ կարողանաս ծրագրերն իրականացնել, բայց մեզ համար կարեւորը պետութեան կայունութիւնն է»։

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ հաւանական թեկնածուներէն մէկը՝ Վիտալի Բալասանեան, վերջին շրջանին ուշադրութիւն կը գրաւէ Երեւանի իշխանութիւններուն հասցէին կատարած կոշտ քննադատութիւններով, եւ պատասխանելով այն հարցումին, որ ՀՅԴն այդ պարունակին մէջ համագործակցութեան խնդիր կը տեսնէ՞ թէ ոչ, Բալայեան ըսաւ. «Կարծում եմ, որ նորմալ է, երբ նախագահի թեկնածուները իրենց գաղափարներն են առաջարկում, մենք բոլորի հետ համամիտ չենք, բայց դա չի կարող խանգարիչ հանգամանք լինել, որ չխօսենք իրենց հետ։ Իրենք իրենց մօտեցումներն ու տեսակէտներն ունեն, բազմակարծութիւն է, նորմալ է, առանձին վտանգ չենք տեսնում»։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement