By Armen Press | Wednesday, 02 December 2009
ԱԹԷՆՔ, <<Արմէնփրէս>>.- ԵԱՀԿ արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին երէկ, Աթէնքի մէջ Մինսկի խումբը համանախագահող երկրներու ներկայացուցիչներ՝ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրով, Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Պեռնար Քուշներ եւ ԱՄՆ պատուիրակութիւնը գլխաւորող արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ æէյմս Սթէյնպըրկ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործեորու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանին եւ Էլմար Մամեդեարովին հետ հանդիպման աւարտին տարածած յայտարարութեամբ վերահաստատած են իրենց երկիրներու պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու շուրջ աշխատանքի հարցի կապակցութեամբ եւ կոչ ուղղած են կողմերուն ամբողջացնել այս աշխատանքը որքան հնարաւոր է կարճ ժամկէտի մէջ:
<<Համաձայնութիւնը հիմնարար սկզբունքների շուրջ կ՛ապահովուի բազմակողմանի լուծման հնարաւորութիւն՝ ամբողջ տարածաշրջանի մէջ խաղաղ, կայուն, բարգաւաճող ապագայի համար>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հինգ պատուիրակութիւններու ղեկավարները վերահաստատած են 2008ի Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած հռչակագիրը եւ Դեկտեմբերին Հելսինքիի մէջ հրապարակուած ԵԱՀԿ նախարարական յայտարարութիւնը: Պատուիրակութիւններու ղեկավարները նաեւ արձանագրած են <<երկխօսութեան դրական ընթացքը>>, զոր նկատած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ այս տարուայ արդէն վեց հանդիպումներու ծիրէն ներս: Անոնք համաձայնած են, որ հանդիպումներու յաճախականութեան մեծացումը նշանակալիօրէն նպաստած է կողմերու միջեւ երկխօսութեան բարելաւման ու 2007ի Նոյեմբերի 29ին Մատրիտի մէջ կողմերուն ներկայացուած ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու վերջնական տեսքի բերելու գործի գծով առաջընթացի ապահովման:
<<Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները արձանագրած են առաջընթաց այս տարուայ ընթացքին հիմնարար սկզբունքներու շուրջ ընդհանուր ընկալման հարցի գծով: Անոնք արտայայտած են իրենց երկիրներու կամքը՝ ամբողջացնելու աշխատանքը հիմնարար սկզբունքներու շուրջ՝ ինչպէս նշուած է համանախագահող երկիրներու նախագահներու՝ Ակուիլայի մէջ <<Մեծ ութնեակի>> գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կատարուած յայտարարութեան մէջ: Նախարարները վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը գործուն կերպով աշխատելու լուծելու մնացեալ խնդիրները, հասնելու համաձայնութեան Հելսինքեան եզրափակիչ վճռի՝ ուժի կիրառման կամ ուժի կիրառման սպառնալիքի բացառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման հաւասարազօր իրաւունքներու վրայ>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հանդիպման աւարտին պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Է.Նալբանդեան նշած է, որ Հելսինքեան եզրափակիչ վճռի յիշեալ սկզբունքներու շուրջ հայկական կողմը կը խօսէր երկար ատենէ ի վեր, մինչ անոնց մասին աստիճանաբար սկսած են խօսիլ եռանախագահները, իսկ այժմ արդէն՝ համանախագահները եւ Ատրպէյճանը:
<<Դա դեռ հարցի լուծումը չէ, բայց այն հիմնական սկզբունքներն են, որոնց հիման վրայ տարւում են բանակցութիւնները, որպէսզի մօտեցուեն կողմերի դիրքորոշումները Մադրիդի փաստաթղթի մէջ ներկայացուած սկզբունքների շուրջ, եւ երբ մենք համաձայնութեան գանք այդ սկզբունքների շուրջ, կը սկսեն բանակցութիւնների պայմանագրի մշակման վերաբերեալ, որին, ի հարկէ, պէտք է անպայման մասնակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը>>, ընդգծած է նախարարը: ԼՂ հարցով յայտարարութիւն պիտի ըլլայ նաեւ նախարարական խորհուրդի կողմէ եւ նախարարը յոյս յայտնած է, որ անոր մէջ եւս կ՛ամրագրուին յիշեալ երեք սկզբունքները: Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարութիւնը գնահատած է դրական՝ նշելով, որ որքան գործուն յառաջանայ բանակցութիւններու գործընթացը, այնքան աւելի շատ <<շփման կէտեր>> կը յայտնուին, որ շատ օգտակար կը դառնայ բանակցութիւններու առաջ մղման համար, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ հասնիլ հիմնական սկզբունքներու քն-նարկման եզրափակմանը եւ մեծ համաձայնագրի մշակման:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ