Հայաստանի Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ

By Asbarez | Friday, 27 December 2019

1227Hantiboum

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի եւ Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեանի, Շաղիկ Մարուխեանի եւ Աշոտ Սիմոնեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու, դատական եւ իրաւական համակարգի բարեփոխումներուն, «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքին եւ շարք մը այլ հարցերու:

comments