Դաւիթ Տօնոյեան. Մենք Բանակ Ենք, Որն Ամէն Օր Դառնում Է Առաւել Մարտունակ

By Asbarez | Tuesday, 31 December 2019

1231Tavit

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հայոց բանակին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձ յղեց Նոր Տարուան առիթով՝ շեշտելով, որ 2019 թուականը հայոց բանակին համար յատկանշական եղաւ կարեւոր ձեռքբերումներով՝ սկսեալ նորագոյն զինատեսակներով համալրումէն մինչեւ յաղթանակած բանակի զինուորներուն արժանավայել ուտելիքի մատակարարման նոր համակարգի ներդրումը։

«Ձեռքբերումները կարելի է երկար թուարկել: Բայց ինձ համար՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի, մեր ամենամեծ նուաճումը բոլորիս ընկալումներում արձանագրուող փոփոխութիւնն է՝ հայրենիքի պաշտպանութիւնը կազմակերպելու գաղափարախօսութեան եւ հայրենեաց պաշտպանի հանդէպ պետական առանձնայատուկ վերաբերմունքի պարտաւորութեան հարցում համոզուածութեան առումով», յայտնեց ան։

Տօնոյեան դիտել տուաւ, որ մարդկութեան պատմութիւնը վաղուց արդէն ապացուցած է, որ որեւէ բանակ, որ երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու իր բանաձեւին մէջ հիմնական խնդիր կը սահմանէ խրամատային պաշտպանութիւնը, ի սկզբանէ դատապարտուած է պարտութեան: Առ այդ, հայկական բանակը կարիք ունէր վերաիմաստաւորելու իր ընկալումները եւ ճշդելու կատարելիքները, որոնցմէ կախեալ են հետագայ գործողութիւնները։

«Առաջին հայեացքից՝ անվերջանալի թուացող հարցեր, որոնց պատասխանները, այդուհանդերձ, պէ՛տք էր գտնել առաջ շարժուելու համար: Եւ հպարտութեամբ փաստենք, որ մենք միասին՝ առաջնագծի մարտական դիրքերն անառիկ պահող շարքայինից մինչեւ մարտական փայլուն ուղի անցած ու հիմա էլ իր կեանքը զինուորական ծառայութեանն անմնացորդ նուիրաբերած գեներալ՝ կարողացանք անել ամենակարեւորը՝ փոխել շատ ընկալումներ, լուծել խրթին թուացող շատ խնդիրներ ու լայն քայլ կատարել նոր որակի բանակ ունենալու ճանապարհին:

«Հայոց բանակն այլեւս միայն խրամատային պաշտպանութեամբ խաղաղութիւն ապահովող չէ. մենք բանակ ենք, որն ամէն օր դառնում է առաւել մարտունակ, առաւել հզօր եւ հակառակորդի համար առաւել անկանխատեսելի: Մենք բանակ ենք, որի սպառազինութիւնը դառնում է առաւել բազմազան, առաւել ժամանակակից եւ առաւել մահաբեր: Մենք բանակ ենք, որի մարտիկները ստանում են փայլուն կրթութիւն, որոնք մշտապէս գտնւում են պետութեան հոգածութեան ներքոյ, եւ որոնք քաջ գիտակցում են, որ իրականացնում են մեր երկրում ամենակարեւոր առաքելութիւնը:

«2019 թուականի ամենակարեւոր ձեռքբերումն այս առումով առաւել քան ակնյայտ է. մենք ճիշդ ուղու վրայ ենք արդէն իսկ կերտած յաղթանակն ամրագրելու, իսկ անհրաժեշտութեան դէպքում հակառակորդի համար չափազանց ցաւոտ կերպով վերահաստատելու ճանապարհին», հաստատեց պաշտպանութեան նախարարը։

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն փաստը, որ սուրի եւ վահանի յաւերժական պայքարին մէջ սուրը տեղ մը պիտի յաղթէ անպայման: «Սա ապացուցուած ճշմարտութիւն է: Եկէ՛ք լինենք նախաձեռնող: Եւ լինե՛նք նախաձեռնող ոչ միայն սահմանին կամ միայն հակառակորդի դէմ պայքարում, այլեւ մեր առօրեայ գործունէութեան մէջ: Պասիւութիւնը (կրաւորականութիւնը-Խմբ.), մշտապէս հրամանի սպասելը, աշխատանքը պարզապէս կատարելու համար կամ ընդունուած ձեւով կատարելը մեզ համար պիտի դառնան սկզբունքօրէն անթոյլատրելի: Այս պարագայում առաւել, քան տեղին է յիշել մեր կարգախօսը՝ «Անել Առաւել, Քան…»: Առաջարկում եմ այս տարի առաջնորդուել այս տրամաբանութեամբ՝ իւրաքանչիւրս անելով թէկուզ մի փոքր, բայց առաւել, քան…

«Շնորհաւորում եմ բոլորիդ տօների առթիւ, եւ թող 2020թ. նշանաւորուի անառիկ սահմաններով ու կայուն անվտանգային համակարգով, բոլորիդ ընտանիքներում դառնայ երջանկութեան, ջերմութեան, ձեռքբերումների տարի», եզրափակեց Տօնոյեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement