Փաշինեան. Մենք Չենք Կարող Ներքաշուել Հակաիրանական Կամ Հակաամերիկեան Գործողութիւնների Մէջ

By Asbarez | Wednesday, 08 January 2020

0108Pashinian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ՝ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան լոյսին տակ կայացած հեռաձայնային զրոյցին մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Նախարարները քննարկել են տարածաշրջանում ստեղծուած իրավիճակը, եւ Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարը ցաւակցութիւն է յայտնել Իրանի կառավարութեանը եւ ժողովրդին՝ մարդկային զոհերի յանգեցրած իրավիճակի կապակցութեամբ։ Գիտէք, որ Իրանը մեզ համար բարեկամ երկիր է, Միացեալ Նահանգները մեզ համար բարեկամ երկիր է, եւ այս իրավիճակում, մենք, ի հարկէ, չենք կարող քաշուել հակաիրանական գործողութիւնների մէջ, մենք չենք կարող ներքաշուել նաեւ հակաամերիկեան գործողութիւնների մէջ։ Եւ մեր ուղերձն այն է, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգների մեր գործընկերները զերծ մնան այնպիսի քայլերից, որոնք կը վատթարացնեն առանց այն էլ լարուած իրավիճակը մեր տարածաշրջանում եւ միջազգային յարաբերութիւններում», յայտնեց Փաշինեան։

Հայաստանի վարչապետը աւելցուց, որ ամէն տեսակի յանձնարարականներ տրուած են Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն՝ իրավիճակին հետեւելու ուշի ուշով, մատը պահելով զարկերակին վրայ։ Ան նշեց, որ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը առնուած են, եւ աշխատանքներ կը տարուին։ «Հասկանում էք, որ այդ աշխատանքը տարբեր նրբութիւններ է պարունակում, եւ չեմ կարծում, որ բոլոր մանրամասներով պիտի ներկայացնենք։ Կառավարութիւնը եւ իրաւասու պետական պաշտօնեաները 24 ժամ կապի մէջ են, եւ, երբ անհրաժեշտ է, նաեւ հանդիպում ենք, քննարկում ենք, զրուցում ենք», եզրափակեց Փաշինեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement