Փաշինեան. Աղբի Կառավարումն Այսօր Մեր Երկրի Ամենահրատապ Խնդիրներից Է

By Asbarez | Wednesday, 15 January 2020

0114PashinianԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ աղբահանութեան ռազմավարութեան նախագիծի մշակման աշխատանքներուն ընթացքը:

Քննարկումէն առաջ վարչապետը անդրադարձաւ աղբահանութեան եւ աղբի կառավարման արդիւնաւէտ համակարգի ձեւաւորման կարեւորութեան՝ նշելով, որ անիկա այսօր Հայաստանի ամէնէն հրատապ խնդիրներէն է: Ան շեշտեց, որ համակարգի մեծագոյն խնդիրը այն է, որ կայ նոյնիսկ աղբերու տեղափոխութեան հարց։

«Այսինքն՝ մենք կարող ենք այսօր ունենալ իրավիճակներ, երբ մեր բնակավայրերը մաքուր, կատարեալ վիճակում լինեն, բայց սա դեռեւս չի նշանակում, որ մենք խնդիրը լուծել ենք, որովհետեւ այսօրուայ մեր համակարգով աղբը Ա. կէտից տեղափոխում ենք Բ. կէտ, իսկ ի՞նչ է տեղի ունենում Բ. կէտում այդ աղբի հետ, դա իր հերթին բերում է լուրջ խնդիրներ: Այսօրուայ մեր ռազմավարական քննարկման ամենակարեւոր խնդիրներից մէկը հենց դա է, թէ մենք յետոյ ինչ ենք անելու այդ աղբը:

«Կարծում եմ՝ ժամանակակից աշխարհում, նաեւ երկրի քաղաքակրթութեան մակարդակի կարեւոր ցուցիչներից մէկն այն է, թէ ինչպէս են վարւում աղբի հետ, ինչպէս է կառավարւում աղբը, որովհետեւ աղբ բառը հասկանալիօրէն շատ նեգատիւ (ժխտական-Խմբ.) բովանդակութիւն ունի, բայց նաեւ ժամանակակից աշխարհում շատ լուրջ ռեսուրս (պաշար-Խմբ.) է, եւ այդ ռեսուրսն արդիւնք է ստեղծում, բարեկեցութիւն է ստեղծում, տնտեսութեան մէջ որոշակի դերակատարում է ձեռք բերում, համախառն ներքին արդիւնք է դառնում եւ այսպէս շարունակ: Մենք այս ուղղութեամբ պէտք է մտածենք, եւ, ըստ էութեան, սա նոր աշխատանք չէ Հայաստանի Հանրապետութիւնում. այդ աշխատանքն արդէն բաւական երկար ժամանակ արւում է, տեղ-տեղ ունենք փոքր տեղային արդիւնքներ, բայց ընդհանուր առմամբ այս խնդիրները պէտք է երկարաժամկէտ առումով յաղթահարելու ձեւերը գտնենք», ըսաւ ան։

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեան նշեց, որ աղբահանութեան ռազմավարութեան մշակման աշխատանքներ կը կատարէ վարչապետին որոշմամբ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը, որուն հիմնական նպատակը հանրապետութեան ողջ տարածքին մէջ գոյացող աղբի հաւաքման, տեղափոխման, տեսակաւորման եւ վերամշակման գործուն համակարգի ձեւաւորումն է:

Խորհրդակցութիւնը ընթացաւ Հայաստանի մէջ աղբահանութեան ոլորտի առկայ իրավիճակի, աղբահանութեան եւ կոշտ թափոններու կառավարման հիմնական ուղղութիւններու ու սկզբունքներու, ոլորտին մէջ իրականացուած, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ծրագիրներու, աղբի վերամշակման հաւանական տարբերակներու եւ մեքանիզմներու, այդ ուղղութեամբ ներկայիս Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւններու աշխատանքի, աղբահանութեան համակարգի եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման հարցերու շուրջ քննարկումով։

Ամփոփելով վարչապետը անգամ մը եւս կարեւոր նկատեց աղբի հաւաքման, կառավարման եւ վերամշակման լիարժէք շղթայի ձեւաւորումը եւ յանձնարարեց աշխատանքներ տանիլ աղբի վերամշակմամբ զբաղող ընկերութիւններու գործունէութիւնը խթանելու ուղղութեամբ:

Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարեց շարունակել ռազմավարութեան մշակման աշխատանքները, սեղմ ժամկէտի մէջ վերջնական տեսքի բերել փաստաթուղթը եւ ներկայացնել աղբահանութեան համակարգի համապարփակ ռազմավարութիւն՝ միջոցառումներու ծրագիրով եւ իրականացման յստակ ժամանակացոյցով:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement