Արցախի Նախագահի Եւ Ազգային Ժողովի Ընտրութիւնները 31 Մարտին

By Asbarez | Wednesday, 22 January 2020

0122Artzakh.

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը՝ առաջնորդուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ ընտրական օրէնսգիրքի շարք մը դրոյթներով՝ կը տեղեկացնէ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 31 Մարտ 2020ին:

Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան կը նշուի հետեւեալը.

«Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 89րդ յօդուածի 1ին մասի համաձայն՝ Հանրապետութեան նախագահի հերթական ընտրութիւնն անցկացւում է Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնների աւարտից 50 օր առաջ:

«Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 109րդ յօդուածի համաձայն՝ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնն անցկացւում է Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնների հետ միաժամանակ:

«Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգրքի 97րդ յօդուածի 2րդ մասով եւ 121րդ յօդուածի 2րդ մասով սահմանւում է, որ Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւնների օրուայ մասին Արցախի հանրային ռադիոյով եւ հանրային հեռուստատեսութեամբ հաղորդագրութեամբ հանդէս է գալիս Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահը՝ քուէարկութեան օրուանից ոչ ուշ, քան 70 օր առաջ:

«Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ ընտրական օրէնսգրքի վերոյիշեալ դրոյթներով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնների օր է յայտարարւում 2020 թուականի Մարտի 31ը:

«Հիմք ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգրքի 97րդ յօդուածի 3րդ մասը, համապետական ընտրութիւնների քուէարկութեան օրը՝ 2020 թուականի Մարտի 31ի Երեքշաբթին, յայտարարւում է ոչ-աշխատանքային օր»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement