Դաշնակցութեան Կառոյցները Կը Ծառայեն Արցախին  

By Asbarez | Tuesday, 28 January 2020

0128Shekher

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 24 Յունուարին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան եւ պատգամաւոր Ալեոշա Գաբրիէլեան հանդիպում ունեցան Մարտունիի շրջանի Շեխէր համայնքի բնակիչներուն հետ:

Անոնք անդրադարձան վերջին 5 տարիներուն Ազգային ժողովի եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան կողմէ իրագործուած ծրագիրներուն, երկրի տնտեսական զարգացման, գիւղատնտեսութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն:

Դաւիթ Իշխանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ընդունուած օրէնքներէն «Դաշնակցութիւն» խմ-բակցութիւնը դէմ քուէարկած է ռազմավարական նշանակութեան, մասնաւորապէս՝ «Հողային օրէնսգրքում լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին», «Ընդերքի մասին ԼՂՀ օրէնսգրքում փոփոխութիւն կատարելու մասին», Արցախի նոր  սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերող օրէնքներուն:

Անդրադառնալով Արցախի նոր սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններուն վերաբերող օրէնքներուն՝ Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ երկու հայկական հանրապետութիւններուն մէջ պէտք է գործէ կառավարման համանման համակարգ, որուն վերաբերեալ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցը եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը աշխատանքներ կը տանին:

Անդրադառնալով արտաքին ճակատի վրայ կատարուած աշխատանքներուն՝ պատգամաւորները նշեցին, որ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան սերտ համագործակցութեան շնորհիւ ընդլայնուած է Արցախի բարեկամներու շրջանակը եւ կանխուած Եւրոպական զանազան կառոյցներու մէջ Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած հակաարցախեան շարք մը բանաձեւերու ընդունումը:

«Մենք աշխատում ենք տարբեր երկրների իշխանութիւնների եւ քաղաքական ուժերի հետ երկու ճակատով՝ միջազգային ճանաչման գործընթացը հնարաւորինս ակտիւացնելով (աշխուժացնելով-Խմբ.) եւ խաղաղութիւն պահպանելով: ՀՅ Դաշնակցութեան կառոյցները ծառայում են Արցախին», նշեց Դաւիթ Իշխանեան:

Հանդիպման մասնակցողները անդրադարձան շարք մը հարցերու՝ ազատամարտիկներուն թոշակ տրամադրելու, գիւղացիներուն աջակցութիւններ ցուցաբերելու, գիւղական բնակավայրերուն մէջ արուեստի կեդրոններ հիմնելու վերաբերող:

Պատգամաւորները խոստացան այդ հարցերը ներկայացնել Ազգային ժողովի քննարկման եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ լուծումներ տալ:

comments