ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Կոչ Կուղղէ Վերջ Տալու Քաղաքական Իշխանութեան Հակաօրինական Քայլերուն

By Asbarez | Thursday, 06 February 2020

0206Kerakouyn

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը 5 Փետրուարին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ահազանգ կը հնչեցնէ դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ՝ վերջին շրջանին քաղաքական իշխանութեան որդեգրած գործելաոճին դէմ: Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի հաղորդագրութիւնը՝ ամբողջութեամբ.

«Անհերքելի փաստ է, որ Հայաստանի զարգացումը պայմանաւորուած է ինքնիշխան, ժողովրդավար, սոցիալական (ընկերային-Խմբ.) եւ իրաւական պետութեան գոյութեամբ: Ցանկացած քաղաքական իշխանութեան կողմից այս կարգավիճակին հակառակ գործելը յանգեցնում է հանրապետութեան գոյութեան դադարմանը:

«Վերջին շրջանում օրուայ քաղաքական իշխանութիւնը ձեռնամուխ է եղել պետական իշխանութեան ինքնուրոյն ճիւղ հանդիսացող դատական իշխանութեան իւրացմանը:

«Չբաւարարուելով հակաօրինական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, անտեսելով հայաստանեան եւ միջազգային հանրութեան կողմից արուած զգուշացումները, արհամարհելով Հայաստանի միջազգային վարկը՝ օրուայ քաղաքական իշխանութեան կողմից նախաձեռնուել է երկրում սահմանադրականութիւնը ոչնչացնող գործընթաց: Ազգային ժողովում քաղաքական մեծամասնութեան պատգամաւորների կողմից շրջանառութեան մէջ են դրուել օրինագծեր, որոնցով փորձ է արւում ոչ միայն իւրացնել սահմանադրական դատարանի եւ երկրի նախագահի լիազօրութիւնները, այլ նաեւ տապալել երկրի սահմանադրական կարգը: Այս անպատասխանատու եւ անհաշուենկատ ընթացքը սպառնում է հայոց պետականութեանը: Լրջանալու, սթափուելու եւ իրաւունքի գերակայութեան համաժողովրդական ցանկութիւններն իրականացնելու փոխարէն օրուայ քաղաքական իշխանութիւնը ցուցաբերում է անհաւասարակշիռ վարքագիծ, որն օժտուած է առանձնապէս ծանր յանցագործութեան յատկանիշներով եւ քրէօրէն պատժելի է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ։

Գերագոյն մարմինը կը պահանջէ քաղաքական իշխանութենէն եւ անոր ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն՝ վերջ տալ քաղաքական իշխանութեան հակաօրինական գործողութիւններուն՝ մնալով գործադիր իշխանութեան լիազօրութիւններու ծիրին մէջ, զերծ պահել օրէնսդիր իշխանութեան քաղաքական մեծամասնութեան լիազօրութիւններու չարաշահումէն, ջանքեր գործադրել՝ լուծելու երկրին առջեւ օրէ օր ահագնացող մարտահրաւէրները:

«Կոչ ենք անում Հանրապետութեան նախագահին՝ չսատարել այս հակաօրինական նախաձեռնութիւններին եւ հետեւել իշխանութիւնների տարանջատման ու հաւասարակշռման սահմանադրական սկզբունքի պահպանմանը:

«Դիմում ենք ողջախոհ հանրութեանն ու քաղաքական ուժերին՝ համախմբուել երկիրն այս կործանարար ընթացքից յետ պահելու օրակարգի շուրջը»։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement