Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Մասին Նախագիծը Պիտի Դրուի Հանրաքուէի

By Asbarez | Friday, 07 February 2020

0207joghov1

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 6 Փետրուարին, Հայաստանի Ազգային ժողովը որոշեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ Սահմանադրական դատարանի անդամներուն պաշտօնավարումը դադրեցնելու հարցը դնել համաժողովրդական հանրաքուէի: Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը ընդունուեցաւ 88 թեր եւ 15 դէմ քուէներով:

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ իր անդամները պիտի չմասնակցին քուէարկութեան, իսկ «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ թեր պիտի քուէարկէ նախագիծին:

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի լրագրողին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան յայտնեց, որ խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծին:

Քուէարկութենէն առաջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ կարեւոր նկատելով սահմանադրական փոփոխութիւնները։ Ան յայտնեց, որ Ազգային ժողովը պէտք է որոշում տայ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցը ժողովուրդին միջոցաւ լուծելու՝ համաժողովրդական հանրաքուէի ճամբով։

Ըստ Փաշինեանի՝ առաջարկուող փոփոխութեամբ պէտք է հին կարգով ընտրուած Սահմանադրական դատարանի բոլոր անդամներուն լիազօրութիւնները դադրեցուին: Այս բանը տեղի կ՛ունենայ այն պարագային, եթէ հանրաքուէի ճշդուած օրը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները երթան ընտրական տեղամասեր եւ «այո՛» ըսեն այդ փոփոխութիւններուն: Այդ պարագային Սահմանադրական դատարանին մէջ պիտի շարունակեն պաշտօնավարել երկու նորանշանակ դատաւորները՝ դատաւորներու ընդհանուր ժողովին կողմէ առաջադրուած եւ Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուած Արման Դիլանեան եւ նախագահին կողմէ առաջադրուած եւ Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուած Վահէ Գրիգորեան:

Հանրաքուէէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը, հանրապետութեան նախագահը, դատաւորներու ընդհանուր ժողովը, կարգով կ՛առաջադրեն Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածուներ, դատաւորները կ՛ընտրուին Ազգային ժողովին կողմէ եւ հաւանաբար քանի մը ամիս ետք Հայաստան կ՛ունենայ սահմանադրութեամբ նախատեսուած կարգով ընտրուած եւ գործող Սահմանադրական դատարան մը, որ իր կազմէն պիտի ընտրէ Սահմանադրական դատարանի նոր նախագահ:

«Ի հարկէ, նոր Սահմանադրական դատարանի առաջ մենք պայման կը դնենք, որ նրանք պէտք է աջակցեն Սահմանադրական դատարանի Սահմանադրական վերահսկողութեան լիազօրութիւնները հաւասարակշիռ դարձնող օրէնքների եւ սահմանադրական փոփոխութիւնների ընդունմանը: Եւ այս պրոցեսի (գործընթացի-Խմբ.)) աւարտին մենք կ՛ունենանք մի Սահմանադրական դատարան, որը չի լինի քաղաքական որեւէ ուժի կամ խմբաւորման կամ պաշտօնեայի կրնկի տակ, այլ կը լինի ժողովրդի առաջ, հաշուետու ժողովրդին, սահմանադրական բարձրագոյն դատական ատեան, բայց ոչ աւելի բարձր՝ քան ժողովուրդը: Հէնց այսպիսի Սահմանադրական դատարան է պէտք Հայաստանի Հանրապետութեանը, մեզ բոլորիս, Սահմանադրական դատարան, որը կ՛երաշխաւորի ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի իշխանութիւնը, իրաւունքի գերակայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ ոչ թէ սպառնալիք կը լինի ժողովրդավարութեան համար», շեշտեց Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Մենք ներկայացնում ենք ժողովրդին եւ ունենք ժողովրդի կողմից մեզ պատուիրակուած լիազօրութիւն, իսկ Սահմանադրական դատարանը այսօրուայ ձեւով չի ներկայացնում ժողովրդին, ներկայացնում է Սերժ Սարգսեանի կոռումպացուած իշխանութեանը եւ այն պէտք է հեռանայ: Եւ ուզում եմ ասել, որ բոլոր այն մարդիկ, ուժերը, ովքեր կը փորձեն իրաւական կամ այլ խոչընդոտներ յարուցել ժողովրդի ազատ կամարտայայտման առաջ, նրանք կ՛արժանանան համարժէք հակահարուածի, որպէս հակաժողովրդական, հակաժողովրդավարական եւ հակապետական ուժեր: Իսկ նրանք, ովքեր կ՛ընդունեն ժողովրդի բարձրագոյն իշխանութիւնը, ժողովրդի բարձրագոյն իրաւունքը, կը դառնան Հայաստանի ապագան կերտող նուիրեալներ», նշեց Նիկոլ Փաշինեան։

Մինչ այդ, նոյն օրը առաւօտեան գումարուած Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին առաջին ընթերցումով չընդունուեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը:

«Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, որ իրենց խմբակցութիւնը ձեռնպահ պիտի քուէարկէ նախագիծին, որպէսզի պաշտօնավարման դադրեցման հարցը որոշուի հանրաքուէի միջոցով: Այսպիսով, սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը չընդունուեցաւ 87 ձեռնպահ եւ 36 դէմ ձայներով:

«Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց եւ խմբակցութեան անդամ Վահագն Յովակիմեան յայտարարեցին, որ իրենց խմբակցութիւնը կ՛ուզէ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հարցը դնել համաժողովրդական հանրաքուէի:

«Հայաստանում իշխանութիւնը պատկանում է ժողովրդին: Ժողովուրդն իր իշխանութիւնն իրականացնում է ազատ ընտրութիւնների, հանրաքուէների, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեամբ նախատեսուած պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինների ու պաշտօնատար անձանց միջոցով: Հետեւաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պէտք է իրաւունք ունենայ արդիւնաւէտ կերպով իրացնել իր իրաւունքները: Ասուածը վերաբերում է նաեւ հանրաքուէի միջոցով իր ձայնը լսելի դարձնելուն: Առաջնային մանդատ ունեցող իշխանութեան մարմինների լիազօրութիւնների դադարեցման հարցը հանրաքուէի առարկայ դարձնելը կարող է էապես նուազեցնել անհարկի լարուածութիւնը, եւ երկրի յետ պահել անցանկալի ցնցումներից», նշեց  Մակունց:

«Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւնների նախագծով առաջարկւում է 1995 թուականի Յուլիսի 5ի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան՝ 2015 թուականի Դեկտեմբերի 6ի փոփոխութիւններով, 213րդ յօդուածը շարադրել նոր խմբագրութեամբ. «Մինչեւ սահմանադրութեան 7րդ գլխի ուժի մէջ մտնելը նշանակուած Սահմանադրական դատարանի նախագահի եւ անդամների պաշտօնավարումը դադարում է: Սահմանադրական դատարանի դատաւորների թափուր տեղերի համար առաջադրումները կատարում են յաջորդաբար կառավարութիւնը, Հանրապետութեան նախագահը եւ դատաւորների ընդհանուր ժողովը: Սոյն յօդուածի 1ին մասի հիման վրայ մինչեւ սահմանադրութեան 7րդ գլխի ուժի մէջ մտնելը նշանակուած Սահմանադրական դատարանի նախագահի եւ անդամների լիազօրութիւնները համարւում են դադարած, իսկ առաջացած թափուր տեղերը համալրելու ժամկէտները եւ այլ մանրամասները սահմանւում են Սահմանադրական դատարանի մասին օրէնքով նախատեսուած կարգով: Նշուած կարգը նախատեսող սահմանադրական օրէնքի փոփոխութիւններն ընդունւում են եւ ուժի մէջ են մտնում սոյն յօդուածի ուժի մէջ մտնելուց յետոյ՝ երկամսեայ ժամկէտում», կը նշուի նախագիծին մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement