Գէորգ Ղարիպեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան՝ Ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեաններ

By Asbarez | Thursday, 13 February 2020

0213Kevork

Գէորգ Ղարիպեան, Արթուր Ալեքսանեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ի-տալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, 12 Փետրուարին, Գէորգ Ղարիպեան (60 քկ.) իր ասպարէզին մէջ առաջին անգամն ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան՝ ոսկի մետալ խլելով։

Յատկանշական է նաեւ այն, որ Ղարիպեան այս տիտղոսին տիրացաւ պարտութեան մատնելով թուրք մրցակիցը՝ Քերիմ Քամալը, 5։5 արդիւնքով։

Իսկ 97 քկ. ծանրութեան կարգի եզրափակիչ մրցումին Արթուր Ալեքսանեան 7-1 արդիւնքով յաղթեց Իտալիոյ ներկայացուցիչ Նիքոլոզ Քախելաշվիլիին եւ հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Այսպիսով, Արթուր Ալեքսանեան 5րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Միւս կողմէ, Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը՝ Կարէն Ասլանեան (67 քկ.) խլեց ախոյեանութեան պրոնզէ մետալը՝ գերազանցելով հունգարացի մրցակիցը՝ Քրիսզան Վանցզայը:

 

Էտմոնտ Ղազարեան՝ Ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեան, Կարապետ Չալեան՝ Պրոնզէ Մետալակիր

 

0212Edmon

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, 11 Փետրուարին, Հայաստանի առաջին ողիմպիականի ախոյեան Արմէն Նազարեանի 18 տարեկան որդին՝ Էտմոնտը, 55 քիլոկրամ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Նշենք, որ ան մաս կը կազմէ  Պուլկարիոյ ազգային խումբին, մինչ անոր հայրը կը մարզէր Պուլկարիան։

77 քիլոկրամ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարապետ Չալեան, որ պրոնզէ մետալի համար իր մղած պայքարին մրցեցաւ Հայկ Մնացականեանի դէմ (Պուլկարիա), գրաւեց երրորդ դիրքը։

Ողիմպիական խաղերուն, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան իր ելոյթներուն սկսաւ տպաւորիչ յաղթանակով մը, երբ 7-1 արդիւնքով յաղթեց թուրք մրցակիցին՝ Ճենք Իլտեմին։ 97 քիլոկրամ դասակարգին մէջ ան ապահովեց աւարտականի իր տոմսը եւ 12 Փետրուարին պիտի մրցի Իտալիան ներկայացնող Նիքոլոս Քախելաշվիլիի դէմ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement