Հայաստան Խաղաղապահ Զօրագունդ Մը Պիտի Ուղարկէ Աֆղանիստան

By Asbarez | Monday, 07 December 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<«Արմէնփրէս>>.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 3ին ընդունած է ԱՄՆ պաշտպանութեան փոխնախարարի տեղակալ Սելեսթա Վոլանդեր, որուն հետ խօսած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ջերմութեան եւ բարեկամական բնոյթին մասին եւ բարձր գնահատած՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Հայաստանին ցուցաբերող օժանդակութիւնը։

ԱՄՆ պաշտպանական գերատեսչութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ այցի ընթացքին նպատակ ունի աւելի լաւ հասկնալ պաշտպանական ոլորտին մէջ Հայաստանի առաջնահերթութիւնները: Ան յատկապէս գնահատած է Հայաստանի մասնակցութիւնը տարբեր խաղաղապահ առաքելութիւններուն։

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է միջազգային խաղաղապահ գործունէութեան մէջ Հայաստանի մասնակցութիւնը եւ յայտնած, որ Հայաստանը պարտաւոր է եւ ունակ իր ներդրումը ունենալու միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ:

Կողմերը արդիւնաւէտ համարած են պաշտպանական ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը եւ մտքեր փոխանակած՝ տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ խնդիրներուն վերաբերեալ:

Նոյն օրը Սելեսթա Վոլանդերը այցելած է Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրքերը եւ ցուցադրական վարժանքներուն միջոցով՝ ծանօթացած հայ զինծառայողներու խաղաղապահ կարողութիւններուն:

Հայաստանի Զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար, գնդապետ Արթուր Սիմոնեանին խօսքով, Ս. Վոլանդերիի‘ խաղապահ զօրքեր այցելութեան հիմնական նպատակը եղած է ծանօթանալ՝ յաջորդ տարի Աֆղանիստան մեկնող հայ խաղաղապահներու կարողութիւններուն:

ԱՄՆ պաշտպանութեան փոխնախարարի տեղակալը այցելած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին, որուն հետ քննարկած է հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան ծիրէն ներս երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ինչպէս նաեւ առաջիկային Աֆղանիստանի Միջազգային անվտանգութեան աջակցման ուժերու կազմին մէջ հայկական զօրախումբի ներգրաւման առնչուող հարցերը:

comments