Նիկոլ Փաշինեան Պատասխանեց Ատրպէյճանական Կողմի Յերիւրանքներուն

By Asbarez | Saturday, 22 February 2020

0222Pashinian-Interview

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր», «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Փետրուարին, Հանրային հեռուստաընկերութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանը եւ Արցախը յուզող բազմաթիւ հարցերու, որոնց կարգին յատկապէս՝ Միւնիխի մէջ Ալիեւի հետ հանդիպումին, Արցախի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական դատարանին վերաբերող հանրաքուէին։

Վերահաստատելով Միւնիխի անվտանգութան համաժողովի ծիրին մէջ իր կատարած յայտարարութեան, որ՝ Լեռնային Ղարաբաղի համար չկան տարածքներ, կայ անվտանգութիւն, եւ Արցախը չի կրնար զիջիլ իր անվտանգութիւնը՝ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք ասում ենք, որ այդ ստատուս քուոն (հաստատուած իրավիճակը-Խմբ.), երբ ձեւաւորուել է, երբ Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերն այդ տարածքները վերցրել են վերահսկողութեան տակ, նրանք դա արել են, որպէսզի Ադրբեջանի ագրեսիւ գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղից հնարաւորինս հեռացուեն այնքան, որպէսզի դառնան անհասանելի: Եթէ կայ առաջարկ անվտանգութեան ապահովման նոյնքան արդիւնաւէտ մի գործիքի, այդ առաջարկը թող ձեւակերպուի, եւ հայ ժողովուրդը կը քննարկի՝ դա իր համար ընդունելի է, թէ ոչ»։

Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ շահարկումներուն՝ դիտել տալով, որ Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն ստացած է այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճան: «Երբ խօսում են տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին, այդ ո՞ր երկրի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին են խօսում: Երբ Ադրբեջանն անկախութիւն է ստացել, Խորհրդային Միութեան տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանե՞լ է արդեօք: Հակահարց կարող է հնչել, որ Խորհրդային Միութիւն պետութիւնն այլեւս գոյութիւն չունի, բայց գոյութիւն չունի նաեւ այն պետութիւնը, որի կազմում եղել է Լեռնային Ղարաբաղը, այդ պետութիւնը Ադրբեջանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնն է: Այս դիսկուրսն (խօսոյթը-Խմբ.) ունի նրբութիւններ, որոնք պէտք է հաշուի առնել», նշեց ան։

Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց, որ հարցին որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար, իսկ Ղարաբաղի հարցը չունի ռազմական լուծում:

Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ ակնկալուող ընտրութիւններուն։ «Արցախում միշտ ընտրութիւնների արդիւնքներն աւելի վստահելի են եղել, քան Հայաստանում, եւ ասել, որ Արցախում ընտրութիւնները կարող են վտանգաւոր լինել, դա անհեթեթութիւն է, որովհետեւ Արցախում ժողովրդավարական ընտրութիւնների անցկացումը եւս մէկ ապացոյց է եղել, որ Արցախը կայացած պետութիւն է, եւ խօսել, որ Արցախը կարող է լինել Ադրբեջանի կազմում, դա ընդհանրապէս աբսուրդ (անհեթեթ-Խմբ.) է: Ընտրութիւններն այն հարթակն են, որտեղ պէտք է տեղի ունենայ քննարկում երկրի զարգացման տեսլականի վերաբերեալ, եւ ժողովուրդը պէտք է ազատ կամարտայայտման հնարաւորութիւն ունենայ: Մենք մեզ համարում ենք Արցախի ժողովրդի ազատ կամարտայայտման երաշխաւորը», շեշտեց ան։

Փաշինեան նաեւ պատասխանեց այն հարցումին, թէ ե՛րբ կրնան տեղի ունենալ սահմանադրական աւելի լայն փոփոխութիւններ՝ ըսելով, որ պետութեան կառավարման համակարգին մէջ կառուցուածքային փոփոխութիւններ չեն նախատեսուած, սակայն նախատեսուող փոփոխութիւններով, ըստ էութեան, նոր սահմանադրութիւն պիտի ըլլայ: Անդրադառնալով ժամկէտներուն՝ ան դիտել տուաւ, որ հանրաքուէն կրնայ տեղի ունենալ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ատեն՝ նոյն ժամանակ:

Վարչապետը նաեւ պատասխանեց սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը Վենետիկի յանձնաժողովին ներկայացնելու հարցին՝ ըսելով, որ Գերմանիա այցելութեան ընթացքին իրավիճակին վերաբերեալ քննարկումներ ունեցած է: Ան նշեց, թէ միջազգային գործընկերները զարմացած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող Սահմանադրական դատարանի ձեւաւորման շուրջ քուլիսային պայմանաւորուածութիւններ եւ նման այլ գործընթացներ եղած են: «Եւրոպացի գործընկերների ուշադրութիւնն եմ հրաւիրել այն հանգամանքի վրայ, որ այս ողջ պրոցեսը (գործընթացը-Խմբ.), որի դէպքում իրաւունքի չարաշահման հետ գործ ունենք, տեղի է ունեցել Վենետիկի յանձնաժողովի ուշադրութեան ներքոյ։ Այս հարցը կը քննարկենք եւրոպացի գործընկերների հետ», աւելցուց ան։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այն մասին, որ հանրութիւնը դատական իշխանութեան տուած որոշումներուն պատասխանատուութիւնը կը շարունակէ դնել կառավարութեան վրայ, հակառակ այն հանգամանքին, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ ինք չի միջամտեր դատական իշխանութեան գործերուն։ «Այս ընթացքում երեւոյթ տեսանք, որ հանրութիւնը դատական իշխանութեան կայացրած որոշումների պատասխանատուութիւնը շարունակում է դնել կառավարութեան վրայ: Մէկին բաց են թողում, հանրութիւնը շարունակում է մտածել, որ կառավարութիւնը գնում է կուլիսային պայմանաւորուածութիւնների: Դա տեղի է ունենում, որովհետեւ կայ տոտալ (ամբողջական-Խմբ.) անվստահութիւն դատական իշխանութեան նկատմամբ, որովհետեւ Սահմանադրական դատարանն ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցել է ժողովրդի կամարտայայտման դեֆորմացմանը (այլանդակման-Խմբ.): Բոլորս գիտենք, ՍԴն անկախ չի գործում, գործել է նախորդ կոռումպացուած (փտած-Խմբ.) իշխանական բուրգի մէջ: Մենք ասում ենք՝ եկէք ձեւաւորենք անկախ դատական համակարգ, երբ դատարանն ինչ-որ բան որոշի՝ չսկսենք քննարկել, թէ ինչ, որտեղ, ինչպէս: Մենք դատարանի որոշումը պէտք է ընդունենք որպէս հիմնարար որոշում», հաստատեց Փաշինեան։

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ իշխանութիւնը այսօր կը յայտարարէ. «Եկէք ստեղծենք անկախ դատական համակարգ, որպէսզի նրա որոշումները ծանր ու թեթեւ չանենք»:

«Մենք ուզում ենք անկախ դատական համակարգ, սակայն այն շարունակում է կախուած լինել կոռուպցիոն համակարգից, դա ակնյայտ է եւ ապացուցւում է փաստերով: Հանրապետականի քաղաքական որոշմամբ որոշուել է, որ ի հեճուկս հանրութեան, Սահմանադրական դատարանը պէտք է գործի հին տրամաբանութեամբ», շեշտեց Նիկոլ Փաշինեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement