By Asbarez | Saturday, 07 March 2020

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 4 Մարտին տեղի ունեցաւ հանդիպում Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի միջեւ։ Հանդիպման կը մասնակցէին Հայաստանի Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան: Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակեցին համահայկական եւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ։ «Լրագիր»ը՝ Իշխան Սաղաթելեանի հետ զրուցելով, ուզեց գիտնալ, թէ ի՛նչ քննարկուած է հանդիպման ընթացքին. «Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ ի՛նչ հարցերի մասին ենք խօսել. խօսել ենք համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերի մասին»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հանդիպումէն ետք պիտի շարունակե՞ն դեղին քարտ ցոյց տալ իշխանութեան՝ Սաղաթելեան յայտնեց. «Ոչ մի բան չի փոխւում մեր դիրքորոշումների եւ տեսակէտների մեջ։ Ներքաղաքական հարցեր չենք քննարկել, խօսել ենք բացառապէս համահայկական հարցերի մասին»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ