Հայ Մասնագէտներու Խումբ Քորոնայի Վերաբերող Տուեալները Համադրելու Եւ Աշխատանք Տանելու

By Asbarez | Friday, 20 March 2020

0320Group

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- «Քորոնա» ժահրին տարածման տուեալներու հաւաքագրման, վերլուծութեան, միջազգային գործընկերներուն ունեցած տուեալներու համադրման, իրավիճակին ընթացքը կանխատեելու նպատակով՝ կազմուած է հետազօտական խումբ մը, որուն մէջ ներգրաւուած են վերլուծաբաններ, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան մասնագէտներ եւ այլ փորձագէտներ:

Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան հանդիպում ունեցաւ այդ խումբի մասնագէտներուն հետ, քննարկեց յառաջիկայ քայլերը եւ կարելիութիւնները։

Խումբին կազմութեան նպատակն է՝ ժամանակակից ահեստագիտութեան օգտագործումով օճախներու քարտէսագրման, մարդոց տեղաշարժներուն վերաբերեալ տեղեկատուութեան, տարածման գօտիներու եւ այլ տեղեկատուութեան համադրման իբրեւ արդիւնք՝ ժահրին  ընդհանուր հաւանական տարածման արժեւորում իրականացնել, ինչ որ լուրջ աջակցութիւն պիտի ըլլայ առողջապահական ոլորտի ենթակառուցուածքներու աշխատանքին համար:

Յակոբ Արշակեան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ հետազօտական խումբին գործունէութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ իրավիճակին մասին հաւաստի եւ ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանալ, ինչ որ պիտի նպաստէ հիւանդութեան տարածման կանխարգիլման աշխատանքներու առաւել լաւ համակարգման իրականացման եւ կառավարելիութեան:

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ նաեւ խումբին գործունէութեան ուղղութիւնները, աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը եւ հնարաւոր ժամկէտները։

Նախագիծը իրականութիւն կը դառնայ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հետ փոխգործակցութեան իբրեւ արդիւնք։

comments

Advertisement