ՀՅԴ Բիւրոյի Կոչը Հայ Ժողովուրդին

By Asbarez | Saturday, 21 March 2020

arflogo-5

 

Համայն մարդկութիւնը այս օրերուն կը տառապի «քորոնա» ժահրի (կորոնավիրուս) յառաջացուցած տագնապով: Համաճարակը լուրջ է, ցարդ կը շարունակէ անսանձ տարածուիլ եւ կը վարակէ ու կը խլէ նկատառելի քանակով զոհեր:

Այս աղէտէն բնականաբար անմասն չի մնար նաեւ մեր ազգն ու հարենիքը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, իր բոլոր միաւորներով` կազմակերպական շարքեր, Հայ Դատի գրասենեակներ ու յանձնախումբեր, երիտասարդական, ուսանողական կառոյցներ եւ ուղեկից միութիւններ` ՀՕՄ, Համազգային, ՀՄԸՄ, ինչպէս նաեւ համակիր կառոյցներով ու շրջանակով, իր ամբողջ կարողականութիւնը կը դնէ մեր ժողովուրդի տրամադրութեան տակ, յատկապէս` Հայաստանի ու Արցախի պետութեանց, առաւելագոյն աջակցութիւն ապահովելու պատրաստակամութեամբ:

Առ այդ, կոչ կ‘ուղղենք տարբեր գաղութներու ու համայնքներու մեր կառոյցներուն` առանց գաղափարական ու յարանուանական խտրութեան, յատուկ ճիգ թափել սպասարկելու մեր ժողովուրդի, եւ իմասնաւորի՝ անոր անապահով ու վտանգուած խաւի կարիքներուն։ Այս առումով արդէն իսկ որոշ աշխատանքներ իրականացուած են շատ մը համայնքներու մէջ եւ յաւելեալ թափով ալ պիտի ընդլայնուին:

Առաւել՝ հարիւր հազարաւոր տոլարի հասնող օժանդակութիւններ, ՀՕՄ-ի հետ գործակցաբար, արդէն հասցուցած ենք Հայաստան եւ Արցախ ու պիտի շարունակենք տրամադրել անհրաժեշտը: Այս ուղղութեամբ կապի մէջ ենք մեր զոյգ հանրապետութեանց համապատասխան պատկան մարմիններուն հետ: Արդ, կոչ կ’ուղղենք որ համահայկական օժանդակութեամբ մասնակցինք ՀՀ պետութեան կողմէ «քորոնա» ժահրի (կորոնավիրուս) վարակի կանխարգիլման և յաղթահարման նախաձեռնութեանը(մանրամասնութիւնները՝

http://www.moh.am/fbclid=IwAR1f52Uq7hLdSvmCDKGurpOo

LoE6znSGiOu5mXc2fYVOdbqxZDJwrHOikF0#1/1439

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ներկայ հանգրուանը կ‘ենթադրէ համազգային ճիգերու լարում եւ միասնականութիւն, կարգապահութիւն ու զգօնութիւն՝ յաղթահարելու համար մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմաց ծառացող վտանգը: Համոզուած ենք, որ համախմբուածութեամբ պիտի շրջանցենք այս հանգրուանը եւս: Կը վստահեցնենք բոլորին, որ մօտէն կը հետեւինք կացութեան ու անոր հոլովոյթին, անգամ մը եւս ընդգծելով, որ մեր ամբողջ կարողականութիւնը կը դնենք ի սպաս մեր ժողովուրդին:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
21 Մարտ, 2020 թ.

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement