Հայաստանն Աջակցում Է Գլոբալ Հրադադարի Կոչին. Զօհրապ Մնացականեան

By Asbarez | Tuesday, 24 March 2020

0325Zohrab

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան ամբողջական աջակցութիւն կը յայտնէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշին` աշխարհի ամբողջ տարածքին համաշխարհային զինադադարի կոչին: Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան:

«Հայաստանը լիակատար աջակցութիւն է յայտնում ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անտոնիօ Գուտերեշի կոչին՝ մինչ ողջ մարդկութիւնը պայքարում է ընդդէմ ընդհանուր թշնամու՝ COVID-19-ի, աշխարհի բոլոր անկիւններում հաստատել գլոբալ (համերկրային-Խմբ.) հրադադար», կը յայտնէ Մնացականեան:

Կութիերեշ իր տեսաուղերձին մէջ յատկապէս կը յայտնէ, որ ժամանակն է զինեալ բախումները մէկ կողմ դնելու եւ միասին կեդրոնանալու կեանքի իրական պայքարին վրայ` «Քորոնա» ժահրին դէմ։  Ան նկատել կու տայ, որ ժահրը նկատի չ՛առներ ցեղային, ազգային կամ այլ պատկանելութիւն, այլ անիկա անողոքաբար կը յարձակի բոլորին վրայ: «Մինչ աշխարհի մէջ զինեալ հակամարտութիւններ տեղի կ՛ունենան, աւելի խոցելիները` կիները, երեխաները, հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր ամէնէն սուղ գինը կը վճարեն: Անոնք այս ժահրին մեծագոյն վտանգին ենթակայ են: Չմոռնանք, որ պատերազմէն տուժած երկիրներուն մէջ առողջապահական համակարգերը փուլ կու գան: Գաղթականները, տեղահանուածները կրկնակիօրէն խոցելի են: Վերջ տուէք պատերազմին եւ եկէք պայքարինք այն հիւանդութեան դէմ, որ կը փճացնէ մեր աշխարհը: Այդ իսկ պատճառով ես այսօր կոչ կ՛ուղղեմ՝ անյապաղ համաշխարհային զինադադար հաստատելու աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ», յայտարարեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement