Յունուարէն Փետրուար Տնտեսական Աշխուժութիւնը՝ 8.7 Տոկոս

By Asbarez | Wednesday, 25 March 2020

0326Dndes

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի մէջ այս տարուան Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը՝ 2019ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ աւելցած է 8.7 տոկոսով:

Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն 15 տոկոսով աւելցած է արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը, 11 տոկոսով՝ ծառայութիւններու ոլորտը։ Առեւտուրի շրջանառութիւնը աւելցած է առաւել քան 6 տոկոսով։ Շարունակած է աճիլ շինարարութեան ծաւալը՝ կազմելով 5.8 տոկոս:

Կտրուկ կերպով աւելցած է ուժանիւթի արտադրութեան ծաւալը՝ 23.1 տոկոսով:

Այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն, մեծ աշխուժութիւն չէ եղած  արտաքին առեւտրական շրջանառութեան մէջ: Անիկա աճած է ընդամէնը 2.4 տոկոսով: Արտածման ծաւալը աւելցած է 8.8 տոկոսով, ներածումը նուազած է 0.8 տոկոսով:

Միջին ամսական աշխատավարձը աճած է շուրջ 10 տոկոսով:

comments