Երեք Զինուորներու Մօտ Յայտնաբերուած Է Քորոնա Ժահրը

By Asbarez | Thursday, 26 March 2020

0327Zinvor

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Քորոնա» ժահրի քննութեան ենթարկուած երեք զինուորներու պատասխանը դրական եղած է, եւ անոնք հիւանդանոց փոխադրուած են։ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի պարզաբանումը հրապարակեց նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

Ան դիտել տուաւ, որ բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրային վարակի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով, բոլոր ձեւերուն դիմուած է, սակայն կարելի չէ եղած կանխել վարակին ներթափանցումը բանակին մէջ, որովհետեւ զինուորներուն մէկ մասը ամէնօրեայ շփման մէջ է քաղաքացներու հետ:

Մարտական խնդիրներու մէջ չներգրաւուած զօրամասին մէջ բացայայտուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած երեք զինուորներ, որոնցմէ մէկուն ընտանիքի անդամին մօտ աւելի կանուխ հաստատուեցաւ «Քորոնա» ժահրի առկայութիւնը: Երեք զինուորներու հաստատուած դէպքերը փոխկապակցուած են եւ առնչութիւն ունին երկրին մէջ արձանագրուած առաջին դէպքերու օճախներէն մէկուն հետ։

Նախարարը յայտնեց, որ մեկնելով համաճարակաբանական հետազօտութիւններու տուեալներէն՝ նշեալ զինուորները նախապէս մեկուսացուած էին, ինչ որ մեծապէս նուազեցուցած է վարակին հետագայ տարածման վտանգները։

«Զինծառայողներն այժմ հոսպիտալացուած (հիւանդանոցի խնամք ստացած են-Խմբ.) են, նրանց առողջական վիճակը բաւարար է, որեւէ մէկի մօտ թոքաբորբ չի արձանագրուել։ Զինծառայողներից մէկի մօտ առկայ է ջերմութեան թոյլ բարձրացում, իսկ երկուսը չունեն ջերմութիւն եւ հիւանդութեանը բնորոշ այլ ախտանիշներ: Հաւաստիացնում եմ, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ախտանիշով զինծառայողներին բարձրորակ եւ արդիւնաւէտ բուժօգնութիւն է ցուցաբերւում, նրանց կեանքին վտանգ չի սպառնում», յայտնեց Տօնոյեան։

Ըստ անոր՝ մեկուսացուած են նաեւ այն անձերը, որոնց հետ կապ ունեցած են զինուորները։ Ժահրի քննութեան ենթարկուած են 32 զինուորներ: Նշեալ զօրամասին մէջ ձեռնարկուած են խստագոյն հակահամաճարակային քայլերու. կը կատարուին բժշկական մշտադիտարկումներ։ «Միաժամանակ հարկ եմ համարում եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ պաշտպանութեան բանակում առայսօր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ախտանիշով որեւէ դէպք չի արձանագրուել: Հայաստանի զինուած ուժերում շարունակւում են ձեռնարկուած լայնածաւալ կանխարգելիչ միջոցառումները: Բոլոր զօրամասերում կիրառւում են խիստ սահմանափակումներ վարակի ներթափանցումը կանխելու ուղղութեամբ, սահմանուած է ամէնօրեայ վերահսկողութիւն զինծառայողների առողջական վիճակի նկատմամբ», նշեց նախարար Տօնոյեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement