Հայաստանի Մէջ Քարոնա Ժահրէն Բուժուած Են 28 Անձեր

By Asbarez | Saturday, 28 March 2020

0328Corona

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակէն բուժուած 10 քաղաքացիներ կան: Անոնց կրկնակի քննութեան արդիւնքը բացասական եղած է:

Ընդհանուր առմամբ, այս պահուն, 28 բուժուած քաղաքացիներ կան եւ այժմ բուժման մէջ կը գտնուին 300 անձեր:

0328Corona2

Ըստ Թորոսեանի՝ 26 Մարտին, մեկուսացուած 40 քաղաքացիներուն 14օրեայ ժամանակը աւարտած է. անոնք քննութեան ենթարկուած են եւ ճշդելէ ետք, որ անոնք ժահրը չեն կրեր, վերադարձած են իրենց բնակարանները։ Միւս հիւանդներուն պարագային՝ կայ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող քաղաքացի մը, այլ քաղաքացիի մըն ալ վիճակը բաւական ծանր է, իսկ մնացածին կեանքին, այս պահուն, որեւէ վտանգ չի սպառնար:

Նախարարը տեղեկացուց, որ կան առանց ախտանշաններու բազմաթիւ վարակուածներ, որոնք պարզապէս մեկուսացուած են հիւանդանոցներու կամ պանդոկներու մէջ:

Կայ նաեւ վարակման դէպք մը 2 ամսուան երեխայի մը եւ անոր մօր մօտ։ Անոնք կը գտնուին հիւանդանոցը՝  բժիշկներու հսկողութեան տակ:

27 Մարտի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ կան «Քորոնա» ժահրով վարակուած 329 պարագաներ. ցարդ արձանագրուած է 1 մահ։

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement