Հայաստանի Մէջ Քորոնա Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 482ի

By Asbarez | Monday, 30 March 2020

0331Corona

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերու 58 նոր պարագաներ: Այս մասին հաղորդեց առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան: 30 Մարտի դրութեամբ Հայաստանի մէջ կան «Քորոնա» ժահրի հաստատուած 482 պարագաներ եւ արձանագրուած են 3 մահեր:

Ըստ անոր՝ ժահրէն ապաքինածներուն թիւը հասած է 30ի։

comments