Քորոնա Ժահրով Վարակուած Է Զինուոր Մը Եւս

By Asbarez | Monday, 30 March 2020

0331Zinvor

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  խօսնակ Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին բացայայտուած է, որ զինուոր մը եւս վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Ան նախապէս մեկուսացուած էր արդէն, ապա ան անմիջապէս փոխադրուած էռ հիւանդանոց. անոր վիճակը կայուն է։

Հաստատուած ընդհանուր վեց պարագաները փոխկապակցուած են մարտական խնդիրներու մէջ չներգրաւուած զօրամասին մէջ արձանագրուած առաջին պարագային հետ։

Նոյն ժամանակ, ինչպէս կառավարութեան արտակարգ նիստին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, արտասահմանեան գործուղումներէ հայրենիք վերադարձած տասնեակ ինքնամեկուսացուած, ինչպէս նաեւ առաջին դէպքին պատճառով մեկուսացուած զինուորները համաճարակաբանական համապատասխան քննութիւններու ենթարկուելէ ետք վերադարձած են ծառայութեան եւ կը շարունակեն կատարել իրենց պարտականութիւնները:

comments