Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Հայաստանի Քորոնա-ի Դէմ Պայքարին

By Asbarez | Monday, 30 March 2020

0331Yevroba

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Քորոնա» ժահրի համավարակին վերաբերող համաշխարհային արձագանգման գործողութիւններու ծիրին մէջ, Եւրոպական յանձնաժողովը կը սատարէ Արեւելեան գործընկեր երկիրներուն եւ կը վերաբաշխէ 140 միլիոն եուրօ աջակցութիւն, նաեւ Հայաստանի առաւել անմիջական կարիքներու արձագանգման համար:

Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակը։

Բացի այդ, յանձնաժողովը պիտի վերաձեւակերպէ մինչեւ 700 միլիոն եուրօ արժողութեամբ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ կիրարկուող ֆինանսաւորման գործիքներու նպատակայնութիւնը` ուղղելով զանոնք ի նպաստ «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած ճգնաժամի ընկերային-տնտեսական վնասներու մեղմացման:

comments