Կառավարութիւնը Պիտի Աջակցի 13էն 30 Մարտ Աշխատանքէ Արձակուածներուն

By Asbarez | Monday, 30 March 2020

0331oknoutioun

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 30 Մարտին, կառավարութիւնը նոր որոշումներ տուաւ՝ «Քորոնա» ժահրին տնտեսական հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով:

Ծրագիրներէն մէկէն օգտուողները յղի կիներն են, որոնք 30 Մարտ 2020ի դրութեամբ՝ աշխատանք չունին, իսկ ամուսինները արձակուած են աշխատանքէ 13՝ն 30 Մարտ ժամանակաշրջանին` չանցնելով այլ աշխատանքի: Օգնութիւնը ընտանիքին պիտի տրամադրուի միանուագ եւ 100 հազար դրամի չափով:

Կառավարութիւնը այլ ծրագիրով մը պիտի աջակցի այն քաղաքացիներուն, որոնք աշխատանքէ արձակուած են 13էն 30 Մարտի միւեւ։ Անոնց կը տրամադրուի օգնութիւն նուազագոյն աշխատավարձի չափով: Քաղաքացիները, որոնց 2 ամիսներու միջին ամսական աշխատավարձի չափը գերազանցած է 500 հազար դրամը, չեն կրնար օգտուիլ այս ծրագիրէն: Չեն օգտուիր նաեւ այն անձերը, որոնք այլ գործատուի հետ աշխատանքային յարաբերութիւններու մէջ եղած են:

Կառավարութեան աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ նաեւ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով տուժած ոլորտներուն` պանդոկներ, հանրային ուտելիքի, զբօսաշրջութեան ծառայութիւններ, վարսայարդարներ, մանրածախ առեւտուրի ոլորտին մէջ տնտեսվարողներ: Անիկա կը տրամադրուի վարձու աշխատողին 2020ի Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն համար հաշուարկուած միջին ամսական աշխատավարձի 50 տոկոսի չափով, անհատ ձեռնարկատիրոջ` 2019ի 4րդ եռամսեակի իրացման շրջանառութեան 10 տոկոսի չափով: Վարչապետի օգնական Նայիրի Սարգսեան ըսաւ, որ այս ծրարին պիւտճէն կը գերազանցէ 10 միլիառ դրամը` 100 հազար օգտուողներու հաշիւով:

comments