ՀՕՄը Բժշկական Սարքեր Կ՛առաքէ Արցախ

By Asbarez | Thursday, 02 April 2020

0331ARS-Logo

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Արցախի մէջ «Քորոնա»ի դէմ պայքարի աշխատանքներուն:

Հայկական մեծագոյն կանանց բարեսիրական կազմակերպութիւնը, Դաշնակցութեան աջակցութեամբ՝ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան օժանդակութեան կոչին արձագանգելով՝ Արցախ ուղարկեց առողջապահական պարագաներ, որոնց մէջ մեծ թիւով ելեկտրոնային ջերմաչափեր: Բժշկական ապրանքներուն մէկ մասը ուղարկուած է Գանատայէն, այլ բաժին մըն ալ Արցախ պիտի հասնի Չինաստանէն:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հետ Մարտի սկիզբը արդէն պայմանաւորուած էր սարքերու ապահովման գծով: «Ցարդ Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի  դէպքեր չեն արձանագրուած, սակայն  այս օժանդակութիւնը  նախազգուշական քայլ է Արցախի մէջ վարակը կասեցնելու համար:

Հակառակ բոլոր խոչնդոտներուն, Սփիւռքի միասնական ուժերով մեր հայրենիքի մէջ պէտք է պայքարինք համավարակին դէմ», կ՛ըսուի ՀՕՄի հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք,  որ 21 Մարտին, ՀՅԴ Բիւրօն կոչ ուղղեց կուսակցական կառոյցներուն եւ ուղեկից միութիւններուն՝ իրենց բոլոր ջանքերը ի գործ դնելու համավարակի դէմ պայքարելու համար:

comments