By Asbarez | Wednesday, 01 April 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի նախագահական թեկնածու, «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, որ 31 Մարտին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն հաւաքած էր ձայներուն 49.2 տոկոսը, յայտարարեց, որ երկրորդ փուլին զանգուածային նախընտրական հանդիպումներ պիտի չկազմակերպէ:
Խօսելով խոհրդարանական ընտրոթիւններուն մասին, որոնց իբրեւ արդիւնք «Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւնը ստացած էր քուէներուն շուրջ 40 տոկոսը, որ բաւարար չէ կառավարութիւն կազմելու համար՝ Յարութիւնեան ըսաւ, որ համագործակցութեան առաջարկ կը ներկայացնէ բոլորին։
«Պատրաստ եմ բոլորի հետ համագործակցել։ Համագործակցութիւն կարող է լինել այն ուժերի հետ, որոնք պատրաստ են ընդունել Արցախի սոցիալ-տնտեսական զարգացման, անվտանգութեան օրակարգը: Եւ կայ մէկ կարեւոր պայման` Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, ու Արցախի իշխանութիւնները պարտաւոր են համագործակցել Հայաստանի իշխանութիւնների հետ: Միայն մի հարցով կարող է լինել տարաձայնութիւն, դա ղարաբաղեան խնդիրն է, եւ, փառք Աստծոյ, այսօր որեւէ տարաձայնութիւն չկայ գոնէ մեր քաղաքական ուժի ու Հայաստանի իշխանութիւնների միջեւ», ըսաւ ան։
Նկատի ունենալով յատկապէս «Քորոնա» ժահրին յարուցած տնտեսական լուրջ հետեւանքները, Արային Յարութիւնեան կարեւոր նկատեց Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն համագործակցութիւնը: «Մեզ աղէտ է սպասւում եւ Արցախը կարող է շատ լուրջ դերակատարութիւն ունենալ Հայաստանի պարէնային անվտանգութեան ապահովման հարցում: Եթէ այս ճգնաժամը շարունակուի մինչեւ Մայիս ամիս, ապա մենք լուրջ խնդիր ենք ունենալու Հայասանի ու Արցախի վճարային բալանսի (հաշիւի-Խմբ.) լրացման առումով: Այդ բալանսը լրացւում է տրանսֆերտների (փոխանցումներու-Խմբ.) ու տուրիզմի (զբօսաշրջութեան-Խմբ.) հաշուին: Այս պահին ոչ տրանսֆերտ, ոչ էլ տուրիզմ ունենք», յայտնեց ան:
Պատասխանելով «Սիվիլնեթ»ի հարցումին՝ ան յայտնեց, որ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքները իրեն համար անակնկալ չեն: «Ես սպասում էի այս արդիւնքներին: Մենք հարցումներ էինք անում, եւ պատկերը տեսնում էինք», ըսաւ Յարութիւնեան:
«Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան առաջնորդը նաեւ խօսեցաւ գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ համագործակցութեան մասին` պատասխանելով այն հարցումին` թէ արդեօք որեւէ պաշտօնի վրայ կը տեսնէ զայն ապագային: «Նախկին նախագահի պաշտօնն ամենակարեւոր պաշտօնն է: Այն գուցէ աւելի կարեւոր է, քան գործող նախագահը», յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ