Ռոպերթ Քոչարեան Դատական Հայց Ներկայացուց Նիկոլ Փաշինեանի Դէմ

By Asbarez | Wednesday, 08 April 2020

0408kocharyan

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան դատական հայց ներկայացուց ընդդէմ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հրապարակայնօրէն արտայայտուած զրպարտութենէն պատիւը եւ արժանապատուութիւնը պաշտպանելու պահանջով: Այս մասին յայտնեցին Դատական տեղեկատուական համակարգէն: Հայցը ուղղուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Տիգրան Գրիգորեանին:

Ասիկա Քոչարեանի երկրորդ դատական հայցն է՝ ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի: Առաջին հայցէն Քոչարեան հրաժարեցաւ այն հիմնաւորումով, որ գործի վարոյթը դադրեցուած էր:

comments