By Asbarez | Wednesday, 08 April 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Փոխվարչապետ, արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Երեւանի օդակայանը վայրէջք պիտի կատարէ պարէտատան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած թռիչք մը, որ Չինաստանէն Հայաստան կը փոխադրէ Հայաստանի պետական միջոցներու հաշուոյն ձեռք բերուած, Չինաստանի պետական մարմիններու, ինչպէս նաեւ հայ եւ չինացի բարերարներու կողմէ նուիրուած բժշկական իրերու եւ սարքերու խմբաքանակ մը, որ կը պարունակէ թոքերու արհեստական օդափոխման 120 սարքեր, թթուածին մատակարարող 2 կայաններ, քննութեան 60,000 սարքեր, 60,000 բժշկական դիմակներ, 280,000 պաշտպանիչ դիմակներ, 20,000 պաշտպանիչ ակնոցներ, 100,000 պաշտպանիչ արտահագուստներ, ինչպէս նաեւ զանազան դեղեր:
նշեալ թռիչքով Հայաստան պիտի հասնի նաեւ օրեր շարունակ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը բնակող Հայաստանի Հանրապետութեան երկու քաղաքացիներ, որոնք 14 օրեայ մեկուսացման պիտի ենթարկուին:
Այս առիթով, փոխվարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի կառավարութեան, որ կարելի դարձուց իրականացնել այս թռիչքը: Փոխվարչապետը շնոհակալութիւն յայտնեց նաեւ աշխատանքին մէջ ներգրաւուած նախարարութիւններուն, թռիչքը կատարող օդաչուներուն եւ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան:
Փոխվարչապետը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկարներ, որոնց մէջ կ’երեւին արկղներու վրայ չինական կողմին կատարած գրութիւնը` «Մեր բարեկամութիւնը աւելի բարձր ըլլայ, քան Արարատ լեռը եւ աւելի երկար, քան Եանցզի գետը»:
Չինաստանի Նախագահը Համագործակցելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանին
Վերջերս, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ մը յղած էր Չինաստան նախագահին, որուն մէջ բարձր գնահատած էր «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ Չինաստանի արձանագրած յառաջընթացը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ նախագահ Ծի Ճինփինկ պատասխան նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին եւ համաճարակին դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած:
«Չինաստանի կառավարութեան եւ Չինաստանի ժողովուրդին կողմէ անկեղծ աջակցութիւնս ու համերաշխութիւնս կը յայտնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ու Հայաստանի ժողովուրդին, բոլոր հիւանդներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում:
«Չինական կողմը վճռականօրէն կը պաշտպանէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի ջանքերը եւ պատրաստ է յետագային աջակցութիւն ցուցաբերելու: Չինաստան եւ Հայաստան բարեկամական գործընկերութիւն եւ համագործակցութիւն ունեցող երկիրներ են: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու զարգացման` պատրաստ եմ ձեզի հետ ջանքեր գործադրելու մեր երկու երկիրներուն առողջապահական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդման համար` միասին պաշտպանելով մեր երկիրներու ժողովուրդներուն կեանքը եւ առողջութիւնը», կ՛ըսուի Ցի Ճինփինկի` նախագահ Արմէն Սարգսեանին ուղղուած նամակին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան մտադիր է յետագային շարունակել քննարկումները եւ երկխօսութիւնը Չինաստանի նախագահին հետ:

comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ