ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Հրայր Կարապետեանի հետ կայացած զրոյցի մը ընթացքին ան յայտնեց, թէ 2012ը պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու տարի:
Կարապետեան համոզմունք յայտնեց այն մասին, որ Հայաստան պէտք է այս իմաստով «ճեղքէ պատը»: «Վերջին հաշուով, երկիրները եւ միջազգային կառոյցները պէտք է հասկանան, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը այլեւս երբեք չի կարող Ատրպէյճանի կազմում ընդգրկուել: Ղարաբաղում արդէն անկախ հանրապետութիւնում ծնուած եւ մեծացած սերունդ է ապրում: Այդ սերունդը քաջ գիտակցում է, որ իր ապագան ոչ մի կերպ չի կապւում Ատրպէյճանի հետ», ընդգծեց ՀՅԴ ներկայացուցիչը:
ՀՅԴ պատգամաւորը նաեւ յայտնեց, որ բոլոր գերտէրութիւնները հարցին պէտք է մօտենան այս տեսանկիւնէն. «Կարծում եմ, որ 2012ը բացառիկ տարի կը լինի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման առումով», ըսաւ ան: