By Asbarez | Wednesday, 08 April 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ֆէյսպուք»ի վրայ կատարած գրառումով մը կը տեղեկացնէ, թէ 8 Ապրիլի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի 28 նոր պարագաներ` 311 ժահրի քննութիւններէ ետք։
Առողջացած եւ տուն վերադարձած են 27 քաղաքացիներ՝ բուժուածներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 114ի: Հիւանդանոցը կը գտնուին 758 հիւանդներ, որոնց շուրջ 90 տոկոսը նոյնիսկ ջերմութիւն չունի:
«Ընդհանուր առմամբ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը պահպանում ենք: Եթէ այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակի` «Քորոնա» ժահրի պիկը (գագաթնակէտը- Խմբ.) յաղթահարել ենք եւ պիկը եղել է Մարտի 31ին: Ցաւօք, առաւօտեան ունեցանք 1 մահ. 93ամեայ պացիենտը (հիւանդը- Խմբ.), ով տառապում էր նաեւ քաղցկեղով: Ծայրայեղ ծանր վիճակում գտնւում է 8 պացիենտ», գրած է Փաշինեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ