Արցախի Մէջ Կան Քորոնայով Վարակուածներու Երկու Պարագաներ Եւս

By Asbarez | Friday, 10 April 2020

0411corona

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ, «Քորոնա» ժահրով վարակուած երկու անձեր եւս բացայայտուած են։  Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն:

Այսպիսով, հաստատուած պարագաներուն թիւը հասաւ 5ի:

Առաջին նոր վարակակիրը Միրիկ համայնքի հաստատուած պարագայով բնակիչին ընտանիքի անդամ է, որուն առողջական վիճակը կը նկատուի բաւարար, երկրորդը` երկկողմանի թոքաբորբ ունի, Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ քաղաքի բնակիչ է, 1951ի ծնունդ. անոր առողջական վիճակը ներկայիս կը նկատուի միջին ծանր։

Նշուած քաղաքացիին ընտանիքին անդամները վերջին 3 օրերուն կը գտնուէին ինքնամեկուսացման մէջ` բժիշկներու խիստ հսկողութեան տակ, եւ անոր հետ կապ ունեցողներուն շրջանակը կը ճշդուի։

comments