* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

ՀՅԴ Կը Շեշտէ Արցախի Վերաբնակեցման Աշխատանքներուն Նոր Որակ Տալու Կարեւորութիւնը

Thursday, 05 January 2012     |    |   

Source: Asbarez
Tags: arf, nagorno karabakh

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապարաժ».– Դեկտեմբերի առաջին կիսուն կայացած ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) հերթական նիստին քննարկուած են ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան առնչուող ներքին հարցեր: Շարքերուն մէջ կազմակերպչական կեանքը աշխուժացնելու նպատակով՝ ՀՅԴ Արցախի ԿԿը որոշած է մարմիններուն յանձնարարել՝ ընկերական հանդիպումներ եւ ՀՅԴի 121ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպել:

Հանդիպումներ կայացած են Քաշաթաղի, Ասկերանի եւ Ստեփանակերտի ՀՅԴ կոմիտէութիւններու հետ:

«Աւարտելով տարին՝ կարելի է արդիւնաւէտ համարել ՀՅԴ Արցախի նորընտիր ԿԿի՝ յառաջիկայում նախատեսուող քայլերի մեկնարկը», նշեց ՀՅԴ Արցախի ԿԿի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան՝ Ստեփանակերտի մէջ Դեկտեմբեր 20ին կայացած ՀՅԴ Ստեփանակերտի եւ Ասկերանի մարմիններու խումբերու ընկերային հանդիպման, որուն իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էր նաեւ ՀՅԴ ԳՄի անդամ Ա. Համբարձումեան, որ ներկայացուց «ՀՀ ներքաղաքական կացութիւնը եւ ՀՅԴի ընելիքները» նիւթը։

Դ. Իշխանեան էական նկատեց այն հանգամանքը, որ առաջնորդուելով ՀՅԴ բարձրագոյն ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւերով՝ միայն ՀՅԴ Արցախի ԿԿի ջանքերով չէ, որ արդիւնքի պէտք է հասնիլ եւ համապատասխան քայլերու դիմել, այլ այդ մէկը պէտք է կատարել մարմիններու եւ շարքային ընկերներու ներդրումով: Ան ներկաներուն փոխանցեց յառաջիկայ երկամեակին ՀՅԴ Արցախի ԿԿի որդեգրած ուղեգիծը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ կազմակերպչական կեանքի աշխուժացում, իբրեւ քաղաքական ուժ՝ ՀՅԴի ազդեցիկ մասնակցութեան ապահովում Արցախի ներքաղաքական գործընթացներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ երկրի արտաքին քաղաքականութեան առնչուած քայլերուն մասին կուսակցութեան յստակ դիրքորոշումներու դրսեւորման առիթի ստեղծում: Ըստ անոր՝ ԿԿը պիտի վերանայի այս ուղղութեամբ իր որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ յառաջիկայ երկամեակին նոր մօտեցումներ պիտի ցուցաբերէ:

Դ. Իշխանեան անդրադարձաւ կառոյցի կազմակերպչական խնդիրներուն՝ նկատել տալով, որ անոնց լուծման համար քայլերու պէտք է դիմել։ Ան ընկերներուն ներկայացուց ՀՅԴ Արցախի կառոյցի Բարձրագոյն ժողովին նախորդ երկամեայ գործունէութեան գծով բարձրացուած հարցերը՝ կառոյցի թերացումներուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն մասին:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նման հանդիպումներու կարեւորութեան՝ դիտել տալով, որ անոնք կը ծառայեն ներքին եւ արտաքին բնագաւառներուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն իրազեկ դառնալու, այդ մասին կարծիք արտայայտելու, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՀ ԳՄի եւ Սփիւռքի մեր կառոյցներէն ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ կայացնելու: Այնուհետեւ, ԼՂՀ խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վ. Բալայեան ներկաներուն ներկայացուց խորհրդարանական խմբակցութեան գործունէութեան ամփոփ պատկերը, յատկապէս՝ ԼՂՀ պետական պիւտճէի շուրջ ՀՅԴ խմբակցութեան մօտեցումները եւ այս գծով ներկայացուած առաջարկները:

Աւարտին ընկերները ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւնները, նաեւ անդրադարձած են շրջանի վերաբնակեցման ու զարգացման գծով առնուած քայլերուն։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement