Արայիկ Յարութիւնեան Նախնական Տուեալներով Ստացած Է Ձայներուն 87 Տոկոսը

By Asbarez | Tuesday, 14 April 2020

ARAYIG

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 14 Ապրիլին, Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն, տարածքային ընտրական յանձնաժողովներէն փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, երեկոյեան ժամը 8ի դրութեամբ մասնակցած են 47,050 ընտրողներ՝ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 44.9 տոկոսը։

Առաւօտեան ժամը 8ին բացուեցան 282 ընտրական տեղամասերը, որոնցմէ մէկը՝ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, ուրիշ մը՝ Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ:

Նշենք, որ, 31 Մարտին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքներով ոչ մէկ թեկնածու կրցաւ ապահովել անհրաժեշտ քուէները։

Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան 13 Ապրիլ 2020ի տուեալներուն համաձայն՝ Արցախի մէջ ընտրողներուն ընդհանուր թիւը 103,637 է:

Նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցաւ կոչ ուղղեց արցախցիներուն՝ չմասնակցելու 14 Ապրիլի ընտրութիւններուն` նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգը:

«ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում  մը կատարելով՝ «Ազատ Հայերնիք» կուսակցութեան  ղեկավար, Արցախի նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեանի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան կը յայտնէ, թէ Արայիկ Յարութիւնեան, նախնական տուեալներով, Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն ստացած է ձայներուն 87 տոկոսը:

comments