By Asbarez | Tuesday, 14 April 2020
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 14 Ապրիլին, Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 28րդ տարելիցին առիթով, Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրը այցելեցին, անոր շիրիմին ծաղիկներ զետեղեցին եւ անոր յիշատակը յարգեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամները, կուսակցական ընկերներ եւ հարազատներ:
Արցախի նորաստեղծ պետականութիւնը Արթուր Մկրտչեան ղեկավարեց ընդամէնը 97 օրեր, սակայն իր քաղաքական եւ մարդկային բացառիկ յատկանիշներուն շնորհիւ ան անջնջելի դրոշմ ձգեց Արցախի նորագոյն պատմութեան մէջ:
Ըստ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի՝ Արթուր Մկրտչեանի կերպարը, անոր անցած ուղին եւ գործունէութիւնը կը նախանշեն մեր պետականութեան ապագայի ուղեգիծը:
«Խորհրդանշական է, որ այսօր`Ապրիլի 14ին Արցախում ընտրում են Հանրապետութեան նախագահ: Արթուր Մկրտչեան քաղաքական գործչի պատգամների եւ այսօրուայ խորհուրդն ամբողջութեամբ այստեղ պէտք է տեսնել: Ապագան պէտք է կառուցուի Արթուր Մկրտչեանի նախանշած ուղիով, որից շեղուելու դէպքում, դատապարտուած կը լինենք մեր ապագայ յաջողութիւնները մեզնից հեռու տեսնելու ճակատագրին», յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ