By Asbarez | Thursday, 16 April 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Պարէտ Տիգրան Աւինեան տեղեկացուց, որ 15 Ապրիլին, պարէտատան կազմակերպած արդէն երկրորդ յատուկ թռիչքով Չինաստանէն Հայաստան հասան «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին համար անհրաժեշտ բժշկական պարագաներու եւ սարքերու խմբաքանակը:
Հայաստան բերուեցան առաւել քան 87,000 պաշտպանիչ բժշկական զգեստներ, 24,000 բժշկական դիմակներ, 20,000 KN95 պաշտպանիչ դիմակներ, 101 հեռահար ջերմաչափներ, բժշկական գործիքներ եւ քիմիական հումք՝ «Քորոնա»ի ախտորոշման քննութեան սարքեր պատրաստելու համար:
Խմբաքանակին մեծ մասը ձեռք բերուած է ՄԱԿի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին (WFP) կողմէ, Էդուարդօ Էռնեկեանի ընկերութիւններուն, «Իմ Քայլը» հիմնադրամին, «Իզմիրլեան» հիմնադրամին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, Սուրբ Սարգիս մարդասիրական հիմնադրամին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ այլ նուիրատուներու տրամադրած ֆինանսական միջոցներով:
Օդանաւով փոխադրուեցան նաեւ Հայաստանի պետական միջոցներով ձեռք բերուած, ինչպէս նաեւ չինացի բարերաներու նուիրած բժշկական պարագաներ եւ սարքեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ