By Asbarez | Saturday, 18 April 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի մէջ, «Քորոնա» ժահրով վարակուած մայր մը զաւակ ունեցաւ։ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան՝ նշելով, որ ծննդաբերութենէն ետք մօր քննութիւնը տուած է բացասական արդիւնք, իսկ երախան քննութեան պիտի ենթարկուի նոյն օրը։
«Երէկ ունեցել ենք առաջին ծնունդը մայրիկից, ում մօտ կորոնավիրուսի թեստը դրական է եղել: Բարեբախտաբար, շնորհիւ մեր բժիշկների պրոֆեսիոնալիզմի (մասնագէտ մօտեցումին-Խմբ.) թէ՛ երեխան, թէ՛ մայրը իրենց լաւ են զգում: Ծննդաբերութիւնից յետոյ դրուած թեստը ծննդկանի մօտ տուել է բացասական արդիւնք, իսկ երեխան կը թեստաւորուի այսօր: Նրանք դեռ 14 օր կը գտնուեն բժշկական հսկողութեան տակ», գրած է Թորոսեան։
Մինչ այդ, Հայաստանի մէջ կը շարունակէ բարձրանալ «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը՝ հասնելով 1201ի։ Առողջացածներուն թիւը 402 է, փաստացի բուժուածներունը՝ 780, մահերունը՝ 19։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ