By Asbarez | Wednesday, 22 April 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 21 Ապրիլի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը 1401 է, անոնցմէ 609ը` առողջացած են, 24ը՝ մահացած:
Ներկայիս բուժում կը ստանան 768 վարակուածներ, իսկ քննութեան ենթարկուածներուն թիւը 13,929 է:
21 Ապրիլին արձանագրուած են 62 նոր պարագաներ եւ 29 առողջացածներ:
Մինչ այդ, վերլուծելով վերջին մէկ շաբթուան «Քորոնա» վարակով նոր պարագաներուն թիւը՝ առողջապահութեան նախարարը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին ճամբով յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կայ աճի կայուն ընթացք, որ կը տատանի օրական 3-4 տոկոսի սահմաններուն մէջ։
«Ունենք նաեւ բուժման մէջ գտնուողների մօտաւորապէս նոյն թիւը, որը տատաննւում է 700-800 սահմաններում: Վերոշարադրեալը նշանակում է, որ մենք բոլորս պէտք է յաւելեալ ջանքեր գործադրենք աճի տեմպը (կշռոյթը-Խմբ.) թուլացնելու ուղղութեամբ եւ իրաւունք չունենք զգօնութիւնը կորցնելու եւ թուլանալու», կը շեշտէ Թորոսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ