By Asbarez | Wednesday, 22 April 2020
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները 21 Ապրիլին նկատելով ատրպէյճանական «ORBITER» տեսակի անօդաչու թռչող սարքի մուտքը Արցախի օդային տարածքը, բերուեցան համապատասխան աստիճանի մարտական պատրաստականութեան եւ խոհեմ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ յետմիջօրէի ժամը 1:07ի շուրջ հարուածեցին զայն։ Լուրը հաղորդեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Վերջին շրջանում յաճախակի են դարձել ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտ զօրքերի շփման գծին յարակից տարածքներում հակառակորդի օդային ուժերի կողմից իրականացուող թռիչքները, որոնք կրում են ինչպէս ուսումնավարժական, այնպէս էլ հետախուզական բնոյթ: Յատկանշական է, որ նշուած գործողութիւններում, բացի տարբեր տեսակի մարտական ինքնաթիռներից եւ ուղղաթիռներից, ներգրաւուում են նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք ի տարբերութիւն առաջինների, յաճախ փորձում են հետախուզական նպատակներով ներթափանցել Արցախի Հանրապետութեան օդային տարածք: Այդօրինակ փորձերից մէկն էլ տեղի ունեցաւ այսօր` Ապրիլի 21ին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս յորդորեց ատրպէյճանական կողմը՝ ձեռնպահ մնալ սադրիչ քայլերէ եւ հաստատեց, որ նախայարձակ որեւէ գործողութիւն պիտի ստանայ արժանի պատասխան: Անոր համաձայն՝ անօդաչու թռչող սարքին բեկորներուն պատկերները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ