By Asbarez | Friday, 24 April 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղտալեան ռուսական «Կոմերսանտ» թերթին հետ ունեցաւ կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին ան յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին խաղաղ լուծման շուրջ վերջերս կատարուեցան զանազան անդրադարձներ, որոնք կ՛անդրադառնան լուծման փուլային մօտեցման մասին։ Թերթը խնդրեց Նաղտալեանէն պարզաբանել, որ 15 Ապրիլ 2019ի հանդիպման արդեօք քննարկուա՞ծ են փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ենթադրեն ղարաբաղեան հարցին լուծման փուլային տարբերակներ, իսկ անոնց վերաբերեալ ի՞նչ դիրքորոշում արտայայտած է հայկական կողմը, ի՞նչ է Հայաստանի ներկայի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին նկատմամբ. Աննա Նաղտալեան պատասխանեց, որ 15 Ապրիլ 2019ի հանդիպման արդիւնքները ձեւակերպուած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն միացեալ յայտարարութեան մէջ, ուր կ՛ուրուագծուի բանակցութիւններու շրջանակը եւ այնտեց չկայ որեւէ յղում կամ նոյնիսկ ակնարկ կարգաւորման փուլային տարբերակին մասին:
Ան շեշտեց, որ հայկական կողմերուն համար ընդունելի չէ կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որ չի նախատեսեր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի առանց որեւէ սահմանափակման իրականացումը եւ կրնայ վտանգել Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը։
«Հայաստանի համար ընդունելի չեն դեռեւս մինչեւ 2018թ. ներկայացուած եւ ղարաբաղեան խաղաղ կարգաւորման փուլային տարբերակ ենթադրող առաջարկները: Աւելին, 2018ից ի վեր Հայաստանը չի վարում բանակցութիւններ, որոնք հիմնուած կը լինեն փուլային կարգաւորման վրայ:
«Հայաստանն ունի յստակ տեսլական հաւասարակշռուած, փոխզիջումների եւ հաւասարարժէք յանձնառութիւնների վրայ հիմնուած այն մօտեցումների վերաբերեալ, որոնք հնարաւոր կը դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար եւ տեւական կարգաւորումը», շեշտեց Նաղտալեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ