By Asbarez | Saturday, 02 May 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Աշխատանքի օրուան առիթով յղած իր ուղերձին մէջ կը յայտնէ, որ աշխատանքը մեր իրականութեան մէջ հարցերու լուծման միակ գործիքն է, ուրեմն մարդկային ու ազգային արժանապատուութեան տրամաբանութեամբ, մեր դիմաց ծառացած բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին աշխատանքով:
«Մեծ գնահատանքի են արժանի առողջապահութեան, իրաւակարգի պահպանութեան, պետութեան անվտանգութեան, սննդամթերքի, բժշկական պարագաների եւ դեղամիջոցների արտադրութեան եւ ներկրման ոլորտներում աշխատողները, որոնց գործունէութեան արդիւնքում ապահովւում է երկրի կենսագործունէութիւնը՝ ճգնաժամային պայմաններում: Մեծ գնահատանքի են արժանի նաեւ այն բոլոր գործատուները, ովքեր ի հեճուկս տնտեսական դժուարութիւնների՝ շարունակում են պահպանել աշխատատեղերը, չեն գնում կրճատումների ու նաեւ օգտուելով կառավարութեան հակաճգնաժամային ծրագրերից՝ աշխատանքներ են տանում վնասները նուազագոյնի հասցնելու եւ հետագայ զարգացման ուղղութեամբ: Հայաստանի կառավարութիւնը, չնայած պատուհասած ճգնաժամին, շարունակելու է տնտեսութեան զարգացման իր հետեւողական քաղաքականութիւնը՝ խրախուսելով աշխատանքն ու աշխատաւոր մարդկանց», կ՛ըսէ Փաշինեան։
«Հայ ժողովուրդը յայտնի է որպէս աշխատող, ստեղծարար, տաղանդաւոր ժողովուրդ: Եւ հայ ժողովուրդն իր աշխատանքով ու ստեղծարար տաղանդով կառուցելու է իր երազած հայրենիքը: Այդ գործընթացը սկսուել է, շարունակուելու եւ հասնելու է յաղթական աւարտի՝ ի հեճուկս ճգնաժամի բերած դժուարութիւնների: Շնորհաւոր Մայիսի 1 եւ կեցցէ՛ ստեղծարար աշխատանքը», եզրափակելով՝ կը յայտնէ Փաշինեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ