By Asbarez | Monday, 04 May 2020
ԵՐԵՒԱՆ.- «Քորոնա» համավարակին դէմ պայքարի ծիրին մէջ կատարուած նախաձեռնութիւններուն կարգին, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական, «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններուն եւ ՀՅԴ Հայաստանի մարզային կառոյցներուն կողմէ կը շարունակուի ընկերային աջակցութեան ծրագիրը։ Արդարեւ, 3 Մայիսին, Տաւուշի մարզի Բերդի շրջանի սահմանապահ շարք մը գիւղերու ընտանիքներու տրամադրուեցան մեծաքանակ պարէնամթերք, մաքրութեան, հականեխիչ դեղեր եւ այլ ապրանքներ:
Ծրագիրը կ՛իրականացուի փուլային եղանակով եւ պիտի շարունակուի Հայաստանի այլ մարզերու եւ շրջաններու մէջ։
ՀՅԴ միութիւնները եւ կառոյցները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր բարերարներուն, որոնց կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու Նոր Ջուղայի «Զարթօնք» միութեան, հայրենիքի մէջ ապրող հայրենակիցներուն՝ այս դժուար օրերուն օգնութեան ձեռք երկարելնուն համար։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ