By Asbarez | Friday, 08 May 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ նախօրէին «Քորոնա»ի քննութեան ենթարկուած 4 քաղաքացիներէն երկուքին արդիւնքները դրական եղած են, միւս երկուքինը՝ բացասական:
Վերոնշեալ 2 վարակուած անձերը ընտանիքի անդամներ են, անոնք կը բնակին Շահումեանի շրջանի Նոր Վերինշեն համայնքին մէջ: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին անոնց հետ շփման շրջանակը ճշդելու ուղղութեամբ:
Մինչեւ այսօր Արցախի մէջ արձանագրուած է վարակման 10 պարագաներ, որոնցմէ 6ը արդէն ապաքինած են:
Նշենք, թէ Արցախի մէջ «Քորոնա»ի վարակման առաջին պարագան հաստատուած էր ամիս մը առաջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ