Հայաստանի Մէջ Քորոնայով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 3029ի

By Asbarez | Saturday, 09 May 2020

0509Corona

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8 Մայիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 3029ի, որոնցմէ 1218ը առողջացած են:

Ներկայիս բուժում կը ստանան վարակուած 1758 անձեր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուուած են 29,205 քննութիւններ։ Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած պարագաներուն թիւը 145 է:

Մահերուն ընդհանուր թիւը հասաւ 43ի՝ աւելնալով մէկ անձով։

comments