ՀՅԴ Երիտասարդականի Եւ Ուսանողականի Անդամները Օգնութիւն Կը Տրամադրեն Արագածոտնի Մարզի Ընտանիքներու

By Asbarez | Tuesday, 12 May 2020

0511YERIDASARTAGAN

10 Մայիսին, Դաշնակցութեան Երիտասարդականի եւ Ուսանողականի անդամներ Արագածոտնի մարզի 145 ընտանիքներու օգմութիւն տրամադրեցին։

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամներ անցնող օրերուն այցելած էին Գեղարքունիքի, Տաւուշ եւ, Վայոց Ձորի մարզերը ու հարիւրաւոր ընտանիքներու օգնութեան ծրարներ տրամադրած էին։
«Օգնիր հարենակցիդ» ծրագիրով մինչ այժմ գոյացած միջոցներով օգնութիւն տրամադրուած է շուրջ 900 ընտանիքներու։

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը (ԳԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւնը միացան Հայաստանի իրենց գաղափարակից ընկերներու «Օգնիր հարենակցիդ» ծրագիրին եւ 8 Մայիսին հրապարակեցին առցանց նուիրահաւաքի տուեալները եւ մանրամասնութիւնները։

0511YERIDASARTAGAN2

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան նուիրահաւաքին մասնակցելու եւ մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք երկարելու համար այցելել այս կայքը. https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22365&mid=48

Նշենք, որ 20 տոլար եւ աւելի նուիրատուութիւնները կը ստանան Գանատայի պետական տուրքի ստացագիր։

«Օգնիր հայրենակցիդ» ծրագիրով օժանդակութիւն եւ օգնութիւն կը տրամադրուի Հայաստանի մարզերու եւ սահմանամերձ գիւղերու կարիքաւոր ընտանիքներու։ Այս գծով, իրենց ներդրումը կը կատարեն, նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ ՀՄԸՄ- ՀԱՍՔը։

comments