Քոչարեան Կը Մնայ Բանտարկուած․ Դատարանը Մերժեց Պաշտպաններու Միջնորդութիւնները

By Asbarez | Thursday, 14 May 2020

0514Kocharian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթ նստավայրին մէջ, 13 Մայիսին, դատաւոր Աննա Դանիբեկեան հրապարակեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութեան ընդհանրապէս վերջ տալու, գրաւ կամ անձնական երաշխաւորութիւն կիրարկելու մասին պատշպաններու միջնորդութիւններուն վերաբերեալ որոշումը: Դատարանը մերժեց պաշտպաններուն միջնորդութիւնները:

Դատական յաջորդ նիստը ճշդուեցաւ 19 Մայիսին:

comments