Եւրոպական Դատարանը Գուրգէն Մարգարեանի Սպանութեան Գծով Պաքուն Օրինախախտումներով Դատապարտեց

By Asbarez | Wednesday, 27 May 2020

0526Markaryan

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ․- 26 Մայիսին, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Պուտափեշտի դէմ արձակեց վճիռ մը՝  ՆԱԹՕի կազմակերպած հաւաքի մը օրերուն, քնանացած պահուն կացինահարուելով սպաննուած սպայ Գուրգէն Մարգարեանի հարցին գծով։ Ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի այս արարքին գծով, Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ դէմ դատ բացուած էր Գուրգէն Մարգարեանի ընկերներ Հայկ Մակուչեանի եւ Սամուէլ Մինասեանի կողմէ։

ՄԻԵԴի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ ատեանը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը խախտելու յանցանքով դատապարտեց Ատրպէյճանը՝ շեշտելով, որ հակառակ այն իրողութեան, որ յստակ փաստեր չկան, որ ոճիրը իրագործուած է Պաքուի կազմակերպութեամբ, սակայն յստակ է, որ Ատրպէյճան ոճրագործը հերոսացնելով՝ ցոյց տուաւ, որ համաձայն էր մարդասպանութեան։

Դատարանը արձանագրեց, որ Ատրպէյճան չկրցաւ ապահովել ազգային ատելութեան հիմքի վրայ կատարուած սպանութեան մը պատիժը շարունակելու դրութիւնը, հակառակ այդ գծով Հունգարիոյ իշխանութիւններուն իր տուած խոստումներուներուն՝ աւելցնելով, որ փաստեր չկան, որ Հունգարիա կրնար աւելին ընել Սաֆարովի պատիժին ամբողջացումը ապահովելու համար։

Ատեանին համաձայն՝ Ատրպէյճան Մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրի 2րդ յօդուածին (կեանքի իրաւունք) խախտման զուգահեռ, խախտած է համաձայնագիրին 14րդ յօդուածը (խտրականութեան արգիլում)։

ՄԻԵԴը նաեւ 15,143 ֆունտ սթերլիկ (մօտաւերապէս 18,700 տոլար) վնասուց հատուցում պահանջեց Պաքուէն, դատական ծախսերուն համար։

Յիշեցնենք, որ 2004ին, Գուրգէն Մարգարեան Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ կը մասնակցէր ՆԱԹՕի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ուսումնական ծրագիրին:

Դատական գործընթացին ընթացքին Սաֆարով ընդունած էր, որ կացինահարումը  կատարած է հայերու հանդէպ ատելութենէն մղուած: Պուտափեշտի դատարանը զինք դատապարտած էր ցմահ բանտարկութեան, սակայն 2012ին, Սաֆարովը արտայանձնուեցաւ Ատրպէյճանին, ուր անոր ներում շնորհուեցաւ:

Դատավճիռին մանրմասնութիւնները կարելի է կարդալ

https://hudoc.echr.coe.int/eng#{%22itemid%22:[%22001-202524%22]} կայքէջին վրայ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement