Մնացականեան. Մենք Առաւել Քան Պարզ Արտայայտուել Ենք, Չենք Հանդուրժելու Սպառնալիքն Ու Ուժի Կիրառումը

By Asbarez | Wednesday, 27 May 2020

0528Zohrab

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հաստատեց, որ հայկական կողմը բոլոր մակարդակներու վրայ առաւել քան պարզ արտայայտուած է, որ պիտի չհանդուրժէ հակառակորդին կողմէ սպառնալիքը եւ ուժի կիրառումը: Ան այս մասին ըսաւ Ազգային ժողովին մէջ, կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին` պատասխանելով «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Սերգէյ Բագրատեանի հարցումին, որ կը վերաբերէր վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող հետախուզական գործողութիւններուն:

Ան վստահեցուց, որ  հայկական կողմը մնայուն կերպով կ՛աշխատի ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ եւ համանախագահներուն հետ ուղղակիօրէն: «Վստահեցնում եմ, որ առաւել քան հետեւողական է Հայաստանի քաղաքականութիւնն այն մասով, ինչ վերաբերւում է սպառնալիքի եւ ուժի կիրառման մերժմանը` այն կոնտեքստում (համաբնագիրին մէջ-Խմբ), որ մենք առաւել քան պատրաստ ենք դրան արձագանգել», դիտել տուաւ Մնացականեան:

Ան շեշտեց, որ Հայաստան ունի իր հետեւողական քաղաքականութիւնը` բոլոր հարցերուն պարագային՝ խաղաղ լուծման մօտեցումներուն, խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մասնակցութեան, համապատասխան միջավայրի ստեղծման վերաբերող: «Սա ասուած է, սա արտայայտուած է, սա դիրքորոշում է եւ հետեւողականօրէն տարւում է առաջ` բոլոր մակարդակներով` լինի բուն բանակցային գործընթացը, թէ մեր ներգրաւումները բազմակողմ, երկկողմ մակարդակներով` մեր գործընկերների հետ: Կոպիտ ասած` մենք շատ յստակ գիտենք ինչ ենք ասում, շատ յստակ ասում ենք, եւ կարիք չունենք դրան լրացուցիչ անտեղի էմոցիոնալ (զգացական-Խմբ.) գոյներ տալու», հաստատեց նախարարը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement