Արցախի Մէջ Կատարուեցան Նոր Նշանակումներ

By Asbarez | Tuesday, 02 June 2020

0602Nshanagoum

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 1 Յունիսին ստորագրեց շարք մը հրամանագիրներ. Լեւոն Գրիգորեան նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար, Վահրամ Պաղտասարեան՝ Արցախի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարար, Դաւիթ Պօղոսեան՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ։

comments